ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Հինգշաբթի, Օգոստոս 2ին, Թուրքիոյ ապահովական ուժերը հաղորդեցին, թէ Չորեքշաբթի օր Թունչելիի մէջ տեղի ունեցած զինեալ ընդհարումի մը ընթացքին սպաննուած են հինգ քիւրտ զինեալներ եւ երեք թուրք զինուորներ:
Նոյն օրը, քրտական իրաւանց պաշտպան Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան աջակցութեամբ երեսփոխան ընտրուած Ահմատ Թուրք յայտնեց, թէ ինքն ու իր կուսակիցները խորհրդարանի մէջ անպայման լուծում պիտի փնտռեն քրտական հարցին։ Ան միաժամանակ քննադատեց ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնն ու Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը, պնդելով, որ անոնք միայն զինուորական միջոցներով կը փափաքին «լուծել» քրտական տագնապը, մինչ ժողովուրդը կայունութիւն ու խաղաղութիւն կը ցանկայ:
Ան ըսաւ, որ իր կուսակցութեան առաջին քայլը պիտի ըլլայ քրտական հարցի լուծման ի նպաստ յարմար երկխօսութեան մթնոլորտ հաստատել Խորհրդարանին մէջ։ «Այս երկրին մէջ քրտական հարց մը կայ ու պէտք է որ այդ հարցը լուծուի խաղաղ ու ժողովրդավարական միջոցներով։ Այստեղ մեր կուսակցութիւնն է, որ շինիչ քայլեր պիտի առնէ ու կը յուսանք, որ խորհրդարանը հասկացողութիւն ցոյց կու տայ մեր կուսակցութեան», ըսաւ Թուրք։
Ան նաեւ անհիմն համարեց այն ամբաստանութիւնը, թէ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութիւնը կապեր ունի Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ: «Այս խնդիրը լուծելու համար ժողովրդավարական կեցուածքը պայման է, իսկ ժողովրդավարութիւնը քաջութիւն կը պահանջէ, մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ գործող ղեկավարները այդ քաջութիւնը չունին», եզրափակեց ան։