ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի Հինգշաբթի, Յունուար 25ին յայտարարեց, թէ Պաղտատի տարածքին ապստամբներու դէմ պայքարը արդէն իսկ յատկանշական արդիւնք տուած է եւ մեծ թիւով ղեկավարներ հեռացած են մայրաքաղաքէն: Ան միաժամանակ խոստացաւ շարունակել անոնց դէմ պայքարը, ամերիկեան ուժերու օժանդակութեամբ:
Սակայն նոյն օրը, Պաղտատի տարածքին տեղի ունեցած շարք մը յարձակումներու ընթացքին սպաննուեցան եւս 34 քաղաքայիններ:
Նկարին մէջ, իրաքցի մը կին մը կ’անցնի յարձակումներէն մէկուն թիրախ դարձած Պաղտատի թաղամասէ մը: