ՆԱՀՐ ԷԼ ՊԱՐԷՏ, «Ռոյթըրզ».- Հիւսիսային Լիբանանի պաղեստինեան Նահր էլ Պարէտ գաղթակայանին մէջ «Ֆաթհ իսլամ»ի եւ բանակին միջեւ Մայիս 20ին սկսած բախումները Չորեքշաբթի, Յունիս 20ին նոր հանգրուան թեւակոխեցին, երբ լիբանանեան բանակը գաղթակայանի նոր բաժինը ամբողջութեամբ իր հակակշռին տակ առաւ, «Ֆաթհ իսլամ»ի զինեալները բանտարկելով հին գաղթակայանին մէջ, ուրկէ անոնք բանակին դէմ արձակազինութիւնը կը շարունակեն:
Նոյն օրը, միջնորդական առաքելութիւն կատարող Պաղեստինի կրօնաւորներուն յանձնախումբին անդամները հանդիպում մը ունեցան բանակի հրամանատարութեան հետ, յոյս յայտնելով, թէ բանակը դրական եւ արագ պատասխան մը կու տայ ներկայացուցած առաջարկներուն, առանց մանրամասնելու:
Յանձնախումբը մէկ օր առաջ «Ֆաթհ իսլամ»ի ղեկավարութեան հետ հանդիպում մը ունեցած էր: Յանձնախումբի անդամ շէյխ Մուհամմատ Հաժ, որ առաքելութեան ընթացքին վիրաւորուած էր, յայտնեց, որ «Ֆաթհ իսլամ»ի զինեալները համաձայն են Պաղեստինի կրօնաւորներու յանձնախումբին ներկայացուցած պայմաններուն։
Ըստ տեղական աղբիւրներու, յանձնախումբին ներկայացուցած պայմաններն են՝ զինադուլի հաստատում, գաղթակայանին ապահովութիւնը հսկող պաղեստինեան ապահովական միացեալ յանձնախումբի ստեղծում, գաղթականներուն վերադարձ, «Ֆաթհ իսլամ»ի զէնքի եւ զինամթերքի յանձնում եւ անոր անդամներուն յանձնում:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը հաղորդեց, թէ Երեքշաբթի օր զինուոր մը եւս սպաննուած է, ցարդ սպաննուած զինուորներուն թիւը 75ի հասցնելով: Երեքշաբթի օր գրաւուած շրջաններուն մէջ գտնուած են նաեւ երեք եմէնցիներու դիակներ, որոնք անդամ էին «Ֆաթհ իսլամ» շարժումին։
Քաղաքական գետնի վրայ, Արաբական լիկան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսայի, Երեքշաբթի օր ժամանեց Լիբանան, վստահեցնելով, թէ Լիբանան կարողութիւնը ունի լուծելու իր հարցերը ու ներքաղաքական տագնապը։
Եռօրեայ այցելութեամբ Լիբանան ժամանած արաբական պատուիրակութիւնը խորհրդակցութիւնները սկսաւ հանդիպում մը ունենալով Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի հետ, քննելով երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքաղաքական տագնապին վերաբերող հարցեր։ Պըրրի պատուիրակութեան փոխանցեց, թէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեամբ կարելի է լուծել Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական տագնապը։
Մուսա յայտնեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը եղած է օգտակար եւ աւելցուց, որ Պէյրութէն մեկնումէն առաջ անպայման երկրորդ այցելութիւն մը պիտի տրուի խորհրդարանի նախագահին։
Պատուիրակութիւնը Երեքշաբթի օր այցելեց նաեւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորային, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար՝ երեսփոխան Ուալիտ Ճոմպլաթին, իսկ Չորեքշաբթի օր՝ նախագահ Էմիլ Լահուտին: