ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունուար 16ին, մինչ քաղաքական միջնորդութեան մասին տարաձայնութիւններ կը շրջէին, ընդդիմութեան կազմակերպած ու կառավարութեան հրաժարումը պահանջող նստացոյցը թեւակոխեց իր 47րդ օրը, իսկ միւս կողմէ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը յայտարարեց, թէ Չորեքշաբթի օր (այսօր) տեղի պիտի ունենայ իր կազմակերպած յաջորդ ցոյցը, այս անգամ տնտեսութեան նախարարութեան շէնքին առջեւ:
Ընդդիմադիր ուժերը Երկուշաբթի օր պետական հեռահաղորդակցութեան ընկերութեան՝ «Օժերօ»ի կեդրոնին առջեւ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, կառավարութեան մշակած տնտեսական բարեկարգումի ծրագրին դէմ։
Ընդդիմադիր ուժերու ղեկավարներուն մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ յառաջիկայ հանգրուանը պիտի ըլլայ մագլցողական քայլերու հանգրուան մը, ուրկէ «անկարելի պիտի ըլլայ նահանջել»։
Քաղաքական գետնի վրայ, Երեքշաբթի օր շրջան ըրին այնպիսի լուրեր, թէ ի գործ կը դրուին սէուտական նոր ջանքեր, որոնք լիբանանեան իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները ձիւնհալի ենթարկելու կը միտին։
Ըստ անոնց, Սէուտական Արաբիա աշխատանք կը տանի «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի եւ «Մուսթաքպալ» հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի միջեւ հանդիպում մը կայացնելու։
Նաեւ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ Արաբական լիկայի նախաձեռնութենէն բացի արաբական այլ նախաձեռնութիւն մը գոյութիւն չունի եւ աւելցուց, թէ կարելի է լիբանանեան քաղաքական վտանգաւոր տագնապէն ելք գտնել։
Սուտանցի պատուիրակ Մուսթաֆա Օսման Իսմայիլ յայտնեց, որ պատրաստակամ է Ամր Մուսայի հետ Պէյրութ վերադառնալու, եթէ արաբական նախաձեռնութեան նկատմամբ ճկունութիւն նշմարուի։
Իր կարգին, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ Երեքշաբթի օր հաստատեց, թէ իր երկիրը արաբական նախաձեռնութեան զօրավիգ կը կանգնի եւ յոյս յայտնեց, որ լիբանանցիները կ՚ընդառաջեն անոր։ Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայսի հետ խորհրդակցութիւններ ունենալէ ետք:
Միւս կողմէ, ընդդիմադիր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ՝ երեսփոխան Նէպիլ Նիքոլա Պէյրութի հիւսիսը Զալքա շրջանի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ Երկուշաբթի օր խոշտանգուած է երկու երիտասարդներու կողմէ, որոնք անդամ են Փաղանգաւոր կուսակցութեան։
Փաղանգաւոր կուսակցութեան Զալքայի մասնաճիւղը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Փաղանգաւոր կուսակցութեան անդամները յարձակած են երեսփոխանին վրայ: