ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունիս 13ին, Իսրայէլի խորհրդարանը երկրին նախագահ ընտրեց նախկին վարչապետ Շիմոն Փերէզը, որ ընտրութեանց երկրորդ հանգրուանին առանց մրցակից մնացած էր: Առաջին հանգրուանին քուէներուն առաւելագոյնը ապահովելէ ետք, մնացեալ երկու թեկնածուները որոշած էին քաշուիլ:
83ամեայ Փերէզ խոստացաւ ընդհանրապէս խորհրդանշական իմաստ ունեցող իր նոր դիրքէն ուշադրութիւնը կեդրոնացնել երկրին զանազան քաղաքական հոսանքներուն միջեւ գործակցութիւնը սերտացնելու աշխատանքին վրայ:
Մէկ օր առաջ, Փերէզի նախկին կուսակցութեան՝ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար վերընտրուած էր նախկին վարչապետ Էհուտ Պարաքը, քուէներու 3 տոկոսի համեմատութեամբ պարտութեան մատնելով Ամի Այալոնը:
Միւս կողմէ, Կազայի մէջ «Համաս»ի եւ «Ֆաթհ»ի զինեալներուն միջեւ բախումները շարունակուեցան Չորեքշաբթի օր, առնուազն հինգ զոհ եւս խլելով: Անցեալ Շաբաթ օր վերսկսած բախումները ցարդ մօտաւորապէս 50 զոհ եւս խլած են: Ըստ տեղական աղբիւրներու, «Համաս» կը փորձէ գրաւել Կազա քաղաքին մէջ գտնուող «Ֆաթհ»ի երեք կեդրոնները, ամբողջ շրջանը իր հակակշռին տակ առնելու նպատակով: