ԱՆԳԱՐԱ, «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ».- Թրքական եւ յունական հիմնարկներու կողմէ կատարուած միացեալ հարցախոյզ մը հասած է այն եզրակացութեան, որ մինչ Յունաստանի բնակչութեան 77 տոկոսը երկրին գլխաւոր սպառնալիքը կը նկատեն դրացի Թուրքիան, Թուրքիոյ բնակիչներուն պարագային գլխաւոր սպառնալիքը կը նկատուի երկրին դաշնակից Միացեալ Նահանգները: Արդարեւ, թուրքերուն 35.6 տոկոսը յայտնած է, թէ սպառնալիք կը նկատէ Ամերիկան, մինչ միայն 9.5 տոկոսը մտահոգ է Յունաստանով: Անոնց համար աւելի մտահոգիչ է հիւսիսային Իրաք հաստատուած Քիւրտիստանը, որովհետեւ անոնցմէ 25.8 տոկոսը սպառնալիք մը կը նկատէ զայն: Թուրքերուն միայն 2.9 սպառնալիք կը նկատէ Հայաստանը:
Յատկանշական է նաեւ, որ թուրքերուն գրեթէ 50 տոկոսը կը հաւատայ, որ Եւրոմիութիւնը կ’ուզէ մասնատել Թուրքիան:
Յունաստանի բնակչութեան պարագային, Թուրքիայէն ետք սպառնալիք կը նկատուին Ալպանիան, Մակեդոնիան եւ Իսրայէլը:
Նաեւ, թուրքերուն 71 տոկոսը համոզուած է, թէ «թուրքերուն միակ բարեկամները թուրքերն են», իսկ յոյներուն 54 տոկոսը կը հաւատայ, որ «յոյները յոյներէն զատ բարեկամ չունին»: