ՊՐԻՒՔՍԷԼ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Կիպրոսի առջեւ իր նաւահանգիստներն ու օդակայանները բանալու հարցով Թուրքիոյ ցուցաբերած մերժողական կեցուածքը վարանումի մատնած է Եւրոմիութեան ղեկավար շրջանակները։ Որոշ ղեկավարներ Թուրքիոյ վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու գաղափարին համաձայն են, մինչ ուրիշներ կ’ընդդիմանան նման քայլերու:
Եւրոմիութիւնը մէկ կողմէ կ՚ուզէ բանակցութիւնները շարունակել Թուրքիոյ հետ, իսկ միւս կողմէ կ’ուզէ վստահեցնել Կիպրոսը, թէ Եւրոմիութեան շրջագծին մէջ պիտի պաշտպանուին Կիպրոսի շահերը։
Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաք ու Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքէլ շատ գոհ չեն Եւրոյանձնաժողովի այն առաջարկէն, թէ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները պէտք է մասնակիօրէն սառեցնել ու կը փափաքին աւելի կտրուկ միջոցներու դիմել:
Մերքէլ առաջարկած է, որ 18 ամիս վերջ դարձեալ քննարկուի Թուրքիոյ վիճակը եւ այն ատեն նոր որոշում ընդունուի բանակցութիւնները շարունակելու ուղղութեամբ, յուսալով, որ մինչ այդ Թուրքիա Կիպրոսի հանդէպ իր սահմանափակումները վերցուցած կ’ըլլայ: Կը կարծուի, թէ Շիրաք նեցուկ պիտի կանգնի Մերքէլի այս առաջարկին, որ պիտի քննուի Դեկտեմբեր 14-15ին կայանալիք Եւրոմիութեան գերաստիճանին ընթացքին:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Գերմանիոյ վարչապետին այս առաջարկին անդրադառնալով, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5ին կոչ ըրաւ Եւրոմիութեան, որ «պատմական սխալ» մը չգործէ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները կասեցնելով, մինչ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ ազդարարեց, թէ կացութիւնը կրնայ վատթարանալ, եթէ նման որոշում մը տրուի Եւրոմիութեան գերաստիճանին կողմէ:
Իր կարգին, Եւրոմիութեան ընդարձակման աշխատանքներու յանձնակատար Օլի Ռէն դէմ արտայայտուեցաւ Թուրքիոյ վրայ յաւելեալ ճնշումներ գործադրելու առաջարկներուն: Ռէնի կարծիքով, Կիպրոսի տագնապը պէտք է լուծուի ոչ թէ Եւրոմիութեան, այլ ՄԱԿի շրջանակներէն ներս։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մասնագէտները, մեկնաբանելով Մերքէլի կողմէ առաջարկուած 18 ամսուան պայմանաժամը, կը յայտնեն, թէ մէկուկէս տարի ետք Եւրոմիութեան նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ Ֆրանսան, եւ զօրակցելով Մերքէլի առաջարկին, կ’ակնկալէ, որ «Թուրքիան կախաղան հանելու պարտականութիւնը» Փարիզի իշխանութեանց պիտի վիճակուի: