ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի Անպար նահանգին մէջ տեղի ունեցած զինեալ ընդհարումներու ընթացքին Հինգշաբթի, Փետրուար 8ին սպաննուեցան չորս ամերիկացի զինուորներ եւս, հաղորդեց ամերիկեան զինուորական ուժերու հրամանատարութիւնը, ցարդ Իրաքի մէջ սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը հասցնելով 3114ի:
Ամերիկեան աղբիւրներ նաեւ հաղորդեցին, թէ Հինգշաբթի օր ռմբակոծած են ապստամբներու կեդրոն մը, սպաննելով 13 հոգի, սակայն իրաքեան աղբիւրներ հաղորդեցին,՝ թէ ռմբակոծուած թիրախները բնակարաններ էին եւ ռմբակոծումին հետեւանքով սպաննուած են 45 քաղաքայիններ, ներառեալ երեխաներ եւ կիներ:
Ասոնց կողքին, Հինգշաբթի օր բացայայտուած դիակներուն եւ յարձակումներու ընթացքին սպաննուածներուն թիւը 43 էր: Անոնցմէ 15ը սպաննուեցան Պաղտատի շիի թաղամասերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած պայթումի մը հետեւանքով:
Նաեւ, իրաքեան ուժեր Հինգշաբթի օր ձերբակալեցին առողջապահութեան նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, որ կ’ամբաստանուէր կարգ մը զեղծարարութիւններով եւ միլիոնաւոր տոլարներ շիի ապստամբներուն փոխանցելու յանցանքով: