ՆԱՀՐ ԷԼ ՊԱՐԷՏ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Յունիս 21ի երեկոյեան, Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Իլիաս Մըր «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակի սփռուած յայտագրի մը ընթացքին յայտարարեց, որ հիւսիսային Լիբանանի Նահր էլ Պարէտ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ բանակը աւարտած է իր զինուորական գործողութիւնները եւ իր հակակշիռին տակ պիտի պահէ գաղթակայանը:
Ան նաեւ նշեց, որ Պաղեստինի կրօնաւորներու յանձնախումբին միջնորդութեամբ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ «Ֆաթհ իսլամ»ի ղեկավարներուն եւ ի մասնաւորի Շաքէր Ապսիի յանձնուիլը: Ան շեշտեց, որ եթէ վերջինս սպաննուած է, ապա անոր դիակը պէտք է յանձնուի Լիբանանի իշխանութեանց:
Իր կարգին, «Ֆաթհ իսլամ» Հինգշաբթի գիշեր զինադուլ հռչակեց, սակայն քանի մը ժամուան խաղաղութենէն ետք, լիբանանեան բանակին հրետանին Ուրբաթ օր վերսկսաւ հարուածել գաղթակայանին հին թաղամասերը, որոնք կը շարունակեն մնալ «Ֆաթհ իսլամ»ի հակակշռին տակ: Աւելի ուշ, լիբանանեան բանակի ռազմական ուղղաթիռները եւս ռմբակոծեցին «Ֆաթհ իսլամ»ի վերջին դիրքերը:
Նաեւ, Նահր էլ Պարէտի բախումներէն խոյս տուած եւ հիւսիսային Լիբանանի Պատտաուի գաղթակայանը ապաստանած պաղեստինցիներ Ուրբաթ օր ցոյց մը կատարեցին, պահանջելով վերադառնալ իրենց գաղթակայանը։
Քաղաքական գետնի վրայ, երկրին ներքաղաքական տագնապը լուծելու համար Լիբանան այցելող Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը որոշեց օր մը եւս մնալ, խորհրդակցութիւնները շարունակելու համար: