ԿԱԶԱ, ՌԱՄԱԼԼԱ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6ին, իսրայէլեան ուժերը հրասայլերով եւ ռազմական ուղղաթիռներով անգամ մը եւս հարաւային Կազա ներխուժելով առնուազն 10 պաղեստինցիներ սպաննեցին, մինչ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան բանակցութեանց յատուկ պատուիրակ Թոնի Պլէր Արեւմտեան Ափ կ’այցելէր:
Մինչ Իսրայէլի կառավարութիւնը Չորեքշաբթի օր մերժեց պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան հակակշռին տակ անցած Կազայի դէմ ընդարձակ զինուորական գործողութիւն մը կատարելու առաջարկը, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հինգշաբթի օր հաղորդեց, թէ նման սահմանափակ գործողութիւններ հարկաւոր են Իսրայէլի վրայ պաղեստինեան հրթիռարձակումները կասեցնելու համար:
Միւս կողմէ, Պլէր Ռամալլայի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ, Նոյեմբերին ակնկալուող Միջին Արեւելքի շուրջ միջազգային խորհրդաժողովին նախապատրաստուելու նպատակով:
Պլէր հանդիպումէն ետք մերժեց լրագրողներու հարցումներուն պատասխանել, մինչ պաղեստինցի պաշտօնատարներ բաւարարուեցան յայտնելով, թէ քննուած են «կարգ մը քաղաքական հարցեր»:
Պլէր Երեքշաբթի օր հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթի հետ: