ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին յայտարարեց, թէ միջազգային ներկայ տագնապներուն հետեւանքով ամերիկեան զինուորներուն ընդհանուր թիւը պէտք է բարձրացնել, սակայն մերժեց յստակացումներ կատարել Իրաք հաստատուած ուժին թիւը բարձրացնելու մասին հարցումներուն:
Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը հերքեց այն լուրերը, թէ Պուշի եւ սպայակոյտին միջեւ բանավէճ կայ Իրաքի գծով։ «Կը կարծեմ, որ մարդիկ կը փորձեն հարց ու բախում յառաջացնել նախագահին եւ սպայակոյտին միջեւ», ըսաւ Սպիտակ տան բանբեր Թոնի Սնօ։
Նաեւ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նոր նախարար Ռապըրթ Կէյթս Երեքշաբթի օր կատարեց պաշտօնի ստանձնումէն ետք իր անդրանիկ յայտարարութիւնը՝ վերահաստատելու համար Իրաքի մէջ յաղթանակ ապահովելու առաջնահերթութիւնը։
«Աֆղանիստանի մէջ վայրագութեանց սաստկացումին դէմ պայքարն ու ամերիկեան բանակի արդիականացման գործընթացը կարեւոր աշխատանքներ են, որոնք պիտի հետապնդուին, բայց առաջնահերթ խնդիրը Իրաքն է», ըսաւ ան։ Կէյթս բացատրեց, որ Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու պարտութիւնը աղէտաբեր պիտի ըլլայ անոր համար։
Յայտնենք, թէ Չորեքշաբթի օր Կէյթս Պաղտատ ժամանեց, մօտէն ծանօթանալու համար կացութեան: