ՌԱՆԿՈՒՆ, «Ռոյթըրզ».- Պուրմայի (բանակին կողմէ Միանմար կոչուած) իշխող զինուորականները զգուշացուցին, թէ պատրաստ են հետզհետէ աճ արձանագրող ցոյցերը ղեկավարող կրօնաւորներուն դէմ քայլերու դիմելու, սակայն Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25ին ցոյցեր տեղի ունեցան թէ Ռանկունի (Եանկոն) եւ թէ Մանտէլէյի մէջ:
Զօր. Թուրա Մյինթ Մոնկ, որ կրօնական հարցերու նախարարն է, ցուցարարներուն զգուշացուց «պուտտայական օրէնքներ ու կանոններ» խախտելէ, մինչ յաջորդական երկրորդ օրը ըլլալով մայրաքաղաք Ռանկուն ականատես եղաւ մեծագոյն քայլարշաւին։
Կրօնաւորները Պուրմայի մէջ մեծ յարգանք կը վայելեն եւ բանակին կողմէ անոնց ցոյցերը ճզմելու որեւէ քայլ կրնայ բողոքի աւելի մեծ ալիք մը բարձրացնել։ Զինուորական կառավառութիւնը 10 օր առաջ սկսած ցոյցերուն նկատմամբ ցարդ ինքնազսպուածութիւն ցոյց կու տար, սակայն գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, որ կրնան կրկնուիլ 1988ի դէպքերը, երբ ժողովրդավարական վերջին ըմբոստութիւնը բանակին կողմէ ճնշուած էր եւ աւելի քան երեք հազար անձեր սպաննուած էին։
Կրօնաւորներու կարգ մը ներկայացուցիչներ ամբողջ երկրին կոչ ուղղած էին՝ միանալու զինուորական կառավարութիւնը տապալելու իրենց արշաւին։ Երկուշաբթի օր քայլարշաւներ տեղի ունեցան առնուազն 25 քաղաքներու մէջ։ Երկրին մեծագոյն քաղաքը նկատուող Ռանկունի մէջ մասնակիցներուն թիւը կը գնահատուէր 50-100 հազարով։
Երեքշաբթի օր Միացեալ Նահագներու նախագահ Ճորճ Պուշ եւս ՄԱԿի բեմէն խոստացաւ յաւելեալ պատժամիջոցներ որդեգրել Պուրմայի զինուորական ղեկավարներուն դէմ:
Պուրմայի պետական պատկերասփիւռը կը յայտնէ, որ ցոյցերը կը հրահրուին համայնավարներու եւ ուսանողական խմբաւորումներու կողմէ։
Այս ցոյցերը քանի մը շաբաթ առաջ անկարելի կը թուէին։ Կրօնաւորներու հինգ շարքեր, որոնցմէ մէկը՝ աւելի քան 1 քիլոմեթր երկարութեամբ, անցորդներու ծափողջոյններով եւ քաջալերական կոչերով մուտք գործեցին քաղաք։ Քայլարշաւին միացող քաղաքայիններուն շարքին էին Նոպէլեան մրցանակի արժանացած այլախոհ Անկ Սան Սու Չիի ղեկավարած ընդդիմադիր Ժողովրդավարութեան համար ազգային լիկայէն պաշտօնատարներ։
Իշխանութիւնները հաւանաբար դրացի Չինաստանի կողմէ մեծ ճնշումի կ՚ենթարկուին՝ արիւնահեղութենէ եւ անկայունութենէ հեռու մնալու իմաստով, սակայն եթէ ցոյցերը շարունակուին եւ զօրավարները տեսնեն, թէ իրենց իշխանութիւնը կը հիւծի, անոնց ընտրանքները կը սահմանափակուին։
Թիպէթի աքսորեալ հոգեւոր պետ Տալայ Լաման կոչ ըրաւ բանակին, որ ցուցարարներուն դէմ բռնութեան չդիմէ։ Ան ըսաւ, թէ ամբողջովին կը զօրակցի կրօնաւորներու ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան կոչին։
Բրիտանիա յայտնեց, որ Պուրմայի ղեկավարները կը գտնուին նախադէպ չունեցող իրողութեան մը դէմ յանդիման եւ ազդարարեց, թէ բռնութեան դիմելու որոշումը «աղէտ մը պիտի ըլլայ»:
Նկարին մէջ, կրօնականներու ցոյցերէն դրուագ մը: