ԹՈՔԻՕ, «Ռոյթըրզ».- Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական տագապին շուրջ խորհրդակցութիւններ ունենալու նպատակով, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18ին Ճափոն ժամանեց Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս, որ վստահեցուց, թէ Ուաշինկթըն ամէն միջոց ի գործ պիտի դնէ երաշխաւորելու համար Ճափոնի ապահովութիւնը, Հիւսիսային Քորէայէն որեւէ յարձակումի մը պարագային:
Իր կարգին, Հիւսիսային Քորէա դատապարտեց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին որդեգրած բանաձեւը, որ պատժամիջոցներ կ՚որդեգրէր Փիոնկեանկի դէմ, մինչ շշուկներ սկսան շրջան ընել, թէ համայնավար պետութիւնը կրնայ հիւլէական ռումբի երկրորդ փորձարկում մը կատարել:
Փիոնկեանկ յայտարարեց, թէ անցեալին յաջողած է դէմ դնել միջազգային ընտանիքի ճնշումներուն եւ դժուար պիտի չըլլայ նոյնը ընել այսօր, մանաւանդ որ հիւլէական ռումբ ունեցող երկիր դարձած է արդէն:
«Հիւսիսային Քորէա խաղաղութիւն կ՚ուզէ, բայց պատերազմէն չի վախնար», ըսաւ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: