ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունուար 16ին, Իրաքի տարածքին տեղի ունեցած շարք մը յարձակումներ առնուազն 109 զոհ խլեցին: Յարձակումներէն ամենամահացուն տեղի ունեցաւ շիիներով բնակեցուած Սատր շրջանին մօտերը գտնուող համալսարանի մը մուտքին, որու հետեւանքով առնուազն 65 հոգի սպաննուեցաւ:
Նոյն օրը, ՄԱԿը հաղորդեց, թէ անցեալ տարուան ընթացքին միայն միջհամայնքային բախումները 34,452 զոհ խլած են Իրաքի տարածքին:
Երեքշաբթի օր ամերիկեան բանակի հրամանատարութիւնը նաեւ հաղորդեց, թէ ամերիկացի չորս զինուորներ եւս սպաննուած են:
Միւս կողմէ, Երկուշաբթի օր Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի խորթ եղբայրը՝ Պարզան Իպրահիմ Թիքրիթի, եւ Իրաքի Յեղափոխական ատեանի նախագահ Աուատ Համէտ Պանտար կախաղան բարձրացան, մինչ մահապատիժի գործադրութեան ընթացքին Իպրահիմի գլուխը «անջատուեցաւ» մարմինէն։
Խորհրդարանին մէջ սիւննիներու մեծագոյն պլոքի ղեկավարներէն Խալաֆ Օլայան դատապարտեց այս արարքը, զայն «անընդունելի բարբարոսութիւն» որակելով:
Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանի կոչ ուղղած էր յետաձգելու անոնց դէմ արձակուած վճիռի գործադրութիւնը, իսկ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի մարդկային իրաւանց հարցերու պատասխանատու Լուիզ Արպըր կոչ ուղղած էին հրաժարելու պատիժի գործադրութենէն։