ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին, իրաքեան վճռաբեկ ատեան մը հաստատեց Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի դէմ մահապատիժի վճիռը, պնդելով, թէ ան կրնայ 30 օրուան ընթացքին մահապատիժի ենթարկուիլ:
69ամեայ Սատտամի կողքին անոր երկու մօտիկ գործակիցներ եւս մահուան դատապարտուեցան Նոյեմբեր 2ին, 1982ին տեղի ունեցած Սատտամի դէմ մահափորձէ մը ետք 148 շիիներու սպանութեան պատճառով: Վճռաբեկ ատեանը Սատտամի վճիռին կողքին հաստատեց նաեւ երկու միւս ամբաստանեալներուն մահավճիռները:
Մարդկային իրաւանց պաշտպան Միջազգային ներում կազմակերպութիւնը քննադատեց այս որոշումը, պնդելով, որ շարք մը օրինական խախտումներ արձանագրուած են Սատտամի դատավարութեան ընթացքին, մինչ Սատտամի պաշտպան փաստաբան մը ազդարարեց, թէ Սատտամի սպանութիւնը քաոսային վիճակ մը պիտի ստեղծէ ոչ միայն Իրաքի, այլ նաեւ ամբողջ շրջանին մէջ:
Միւս կողմէ, Երեքշաբթի օր Իրաքի տարածքին տեղի ունեցած շարք մը յարձակումներու ընթացքին սպաննուեցան առնուազն 54 իրաքցիներ, մինչ ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ սպաննուած են եօթը ամերիկացի զինուորներ եւս, ցարդ սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը հասցնելով 2978ի:
Երեք ամերիկացի զինուորներ եւս սպաննուած էին Շաբաթ օր, իրաքեան մայրաքաղաքին մէջ ճամբեզրին զետեղուած ականի մը պայթումէն:
Յայտնենք նաեւ, թէ անցնող շաբաթավերջին ամերիկացի զինուորներու կողմէ երեք իրանցիներու ձերբակալութիւնը տարակարծութեանց դուռ բացած է ամերիկեան հրամանատարութեան եւ Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանիի միջեւ, որ յայտնեց, թէ իրանցիները Իրաք կը գտնուէին նախագահական հրաւէրով: