ՊԱՂՏԱՏ, »Ռոյթըրզ«.- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4ին, Պաղտատի կեդրոնական շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին հետեւանքով սպաննուեցաւ առնուազն 14 հոգի եւ վիրաւորուեցան 75 ուրիշներ: Ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն, պայթումը տեղի ունեցած է այն միջոցին, երբ ճարտարարուեստի նախարարին շքախումբը կ’անցնէր շրջանէն:
Նոյն օրը, Պաղտատի Տորա շրջանին մէջ տեղի ունեցած այլ պայթում մը մէկ զոհ խլեց, իսկ ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ Երեքշաբթի օր ամերիկացի երկու զինուորներ եւս սպաննուած են, Շաբաթ օրուընէ ի վեր սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը հասցնելով 17ի:
Յայտնենք, թէ Երեքշաբթի օրուան բռնարարքներուն զոհ գացած էին 51 ուրիշներ:
Քաղաքական գետնի վրայ, Իրաքի խորհրդարանը որդեգրեց վարչապետ Նուրի Մալիքիի մշակած ծրագիրը, որուն նպատակն է վերջ դնել երկրին մէջ համայնքային պառակտումներուն։
Վարչապետ Մալիքիի կազմած կառավարութեան առաջին օրէն խոստացած էր լուծում մը գտնել միջհամայնքային վայրագութիւններուն, որոնք ամէն ամիս միայն մայրաքաղաքին մէջ հազարաւոր զոհեր կը պատճառեն։
Կիրակի եւ Երկուշաբթի օրերուն աւելի քան 38 քաղաքայիններու առեւանգումն ու անոնցմէ ոմանց դիակներու յայտնաբերումը սաստկացուց այս ուղղութեամբ ճնշումը, եւ Մալիքի Երկուշաբթի օր յայտարարեց այս առնչութեամբ ծրագիրի մը ընդհանուր գիծերը։ Իրաքեան կառավարութենէն ետք, խորհրդարանն եւս ընդունեց զայն։
Ծրագիրը կը նախատեսէ կազմել թաղային յանձնախումբեր, որոնց մաս կը կազմեն տարբեր համայնքներու, կուսակցութիւններու եւ ցեղախումբերու ներկայացուցիչները։ Այս յանձնախումբերը պիտի հետեւին ապահովութեան մարմիններու աշխատանքներուն։
Նշենք, որ նոյնիսկ կառավարութեան անդամ սիւննիներ իրենց շիի պաշտօնակիցներ կ’ամբաստանեն անոնց հակակշիռին ենթակայ ապահովութեան ուժերուն կողմէ գործուած առեւանգումներու եւ սպանութիւններու, ինչպէս նաեւ այլ շիի զինեալներու գործած արարքներու նկատմամբ աչք խփելու յանցանքներով։ Շիի նախարարներն ու քաղաքական գործիչներ սիւննիները կ՚ամբաստանեն »Քայիտա«ի եւ այլ ապստամբ շարժումներու հետ գործակցելու յանցանքով։
Ծրագիրի որդեգրման ատեն, կառավարութեան ժողովին, բոլոր կողմերը ողջունեցին զայն, բայց գործնական մանրամասնութիւններու ճշդումին ատեն բռնկեցան տարակարծութիւնները եւ ստացան սուր բնոյթ։ Օրինակի համար, սուր բնոյթ ստացաւ բանավէճը, երբ շիիներ պնդեցին, որ ծրագիրը կոչուի »ահաբեկչութեան դէմ արշաւ«, ուր կ՚ակնարկուի »Քայիտա«ի եւ այլ ապստամբներու։ Ասոր դիմաց, սիւննիները պահանջեցին, որ անիկա ուղղուած ըլլայ »վայրագութեան դէմ«, որպէսզի ներառէ նաեւ շիի զինեալներու գործած սպանութիւնները։
Նաեւ, Երեքշաբթի օր Պաղտատի արեւմտեան Ալ Ամիլ թաղամասին մէջ հարիւրաւոր ցուցարարներ բողոքեցին համայնքային բնոյթ ունեցող վայրագութիւններուն դէմ։
Ցուցարարները կը կանչէին »Սիւննիներն ու շիիները եղբայրներ են«։ Անոնց բարձրացուցած պաստառներուն վրայ գրուած էր՝ »Ոստիկանութեան ուժերը հեռացուցէ՛ք մեր շրջանէն«. անոնք կը բաժնեն ընդհանուր դարձած այն համոզումը, թէ շիիներու հակակշիռին ենթակայ ապահովութեան ուժերն ու անոնց հետ գործակցող զինեալներ կը գործեն այդ արարքները։