ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13ին կառավարական կարգ մը փոփոխութիւններ կատարելու մասին արտայայտուեցաւ, յուսալով մեղմացնել երկրին մէջ տիրող միջհամայնքային լարուածութիւնը:
Նոյն օրը, Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած պայթում մը 11 զոհ խլեց, իսկ բրիտանական եւ ամերիկեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ վերջին 48 ժամերուն 9 ամերիկացի եւ բրիտանացի զինուորներ սպանուած են Իրաքի տարածքին:
Իրաքի ներքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ հաղորդեց, թէ վերջին քանի մը օրերուն 75 դիակներ եւս յայտնաբերուած են երկրին տարածքին:
Կիրակի օր 35 ուրիշներ սպաննուեցան, երբ անձնասպանութեան դիմած զինեալ մը իր մարմնին կապուած ականները պայթեցուց ոստիկաններու զինուորագրման կեդրոնի մը առջեւ։ Դարձեալ Կիրակի օր, Պաղտատի հարաւային արուարձաններուն մէջ ոստիկանութիւնը բազմաթիւ բախումներ ունեցաւ։ Ոստիկանական ջոկատներ հետքերը կ՚որոնէին զինեալներու, որոնք Շաբաթէն Կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին մայրուղիի մը վրայ սպաննած էին տասը շիիներ եւ առեւանգած՝ յիսուն ուրիշներ։ Նաեւ, մայրաքաղաքի ճամբաներու եզրին զետեղուած երկու ականներու պայթումներուն թիրախ դարձան ոստիկանութեան շրջուն ջոկատները։ Ականահարումները պատճառեցին վեց զոհ եւ տասը վիրաւոր։
Ըստ իրաքեան աղբիւրներու, միայն Կիրակի օրուան յարձակումները 100 զոհ խլած են: