ՊՈԼԻՍ, «Ակօս», «Ա.Էֆ.Փէ.».- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին վերսկսող «Ակօս» թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը պիտի շարունակուի առանց լրագրողներու, հակառակ լրագրողներուն դիմումներուն:
Բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններ եւս ուզած են ղրկել իրենց ներկայացուցիչները, բայց դատաւորը մերժած է անոնց դիմումները, որովհետեւ ոճիրը գործադրողը 18 տարիքը չէ բոլորած:
19 ամբաստանեալներ, որոնցմէ ութը ձերբակալուած են, կը դատուին Տինքի սպանութեան հարցով: Թուրքիոյ օրէնքներուն համաձայն, անոնցմէ ոմանք կրնան ցմահ բանտարկութեան դատապարտուիլ:
Ինչպէս առաջին նիստին, Երկուշաբթի օր եւս դատարանին առջեւ կ’ակնկալուին հարիւրաւոր ցուցարարներ. «Բոլորս ականատեսներ ենք. արդարութիւն կ’ուզենք» կարգախօսով:
Տինքի փաստաբանները կը յայտնեն, թէ դատավարութիւնը յոյժ կարեւոր է երկրին ապագային համար եւ կ’աւելցնեն, թէ շեշտը պիտի դնեն ոճիրին իսկական պատասխանատուները յայտնաբերելու վրայ:
Միւս կողմէ, Ուրբաթ օր Սամսունի մէջ սկսաւ դատավարութիւնը այն երկու ոստիկաններուն, որոնք Տինքը սպաննած երիտասարդին հետ լուսանկարուած էին, զայն իբրեւ հերոս մը ներկայացնելով: Լուսանկարներուն հրապարակումը օրին գայթակղութիւն մը պատճառած էր, նեղ կացութեան մատնելով Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը: