ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ճատրակի աշխարհի հայազգի նախկին ախոյեան Կարի Գասպարով ընտրուած է յաջորդ տարի տեղի ունենալիք Ռուսիոյ նախագահական ընտրութեան ընդդիմադիր շարժումի մը թեկնածուն։ «Այլ Ռուսիա» դաշինքի խորհրդաժողովին ան թեկնածու ընտրուած է, համոզիչ կերպով գերազանցելով հինգ այլ թեկնածուներ։ Իր ընտրութենէն ետք ան խոստացաւ «ժողովրդավարական եւ արդար Ռուսիոյ» մը համար պայքարիլ։
Հարցախոյզները ցոյց կու տան, թէ Գասպարով շատ փոքր հաւանականութիւն ունի նախագահ Վլատիմիր Փութինի զօրակցութիւնը վայելող ոեւէ թեկնածուի դէմ յաղթանակ արձանագրելու։
Ռուսիոյ սահմանադրութիւնը կ՚արգիլէ, որ Փութին Մարտ 2008ի ընտրութիւններուն երրորդ նստաշրջանի մը համար թեկնածու ներկայանայ։
Գասպարով, որ «Այլ Ռուսիա» դաշինքին հիմնադիրն է, 2005 թուականին ճատրակէն հանգստեան կոչուելով քաղաքականութեամբ զբաղելու սկսելէն ի վեր նախագահ Փութինի ամէնէն բուռն քննադատներէն մէկն է։ Անոր շարժումին անդամներուն թիւը քիչ է եւ բողոքի վերջին ցոյցերուն ընթացքին ոստիկաններուն թիւը կը գերազանցէր շարժումին համակիրներուն թիւը։
Գասպարով յայտնեց. «Այլ Ռուսիոյ նպատակը ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելը չէ։ Կը փորձենք վարչակազմին ստիպել, որ ընդունի ազատ եւ արդար ընտրութիւններու մասնակցելու մեր իրաւունքը, եւ ռուս ժողովուրդին եւ ռուսական հանրութեան կողմէ մեր գաղափարներուն զօրակցութիւնը ապահովելու համար ընտրապայքար կը մղենք»։
Միւս կողմէ, Փութին յայտնեց, որ Դեկտեմբերի խորհրդարանական ընտրութեանց ընթացքին պիտի գլխաւորէ իշխող «Միացեալ Ռուսիա» կուսակցութեան ընտրական ցանկը եւ հետագային կրնայ ստանձնել վարչապետի պաշտօնը։ «Միացեալ Ռուսիա» կուսակցութեան ընտրական ցանկը գլխաւորելը անոր ճամբան պիտի հարթէ ստանձնելու վարչապետի պաշտօնը նոր համակարգի մը մէջ, ուր նախագահին իրաւասութիւնները նուազած պիտի ըլլան։
Փութին ըսաւ, թէ «Միացեալ Ռուսիա»ն պէտք է խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրէ եւ «պարկեշտ, ատակ, արդիական անձ» մը պէտք է նախագահ ընտրուի։