ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Եռօրեայ բանակցութիւններէ ետք, Իրաքի ու Թուրքիոյ պատուիրակութիւնները կրցան մասնակի համաձայնագիր մը ստորագրել, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ պայքարը աւելի ազդու դարձնելու նպատակով:
Իրաքի ներքին գործոց նախարար Ճաուատ Պոլանի եւ Թուրքիոյ անոր պաշտօնակից Պեշիր Աթալայ ստորագրեցին համաձայնագիրը, որու նպատակն է հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամ յեղափոխականներուն կողմէ Թուրքիոյ վրայ յարձակումները կասեցնել:
Իրաք մերժեց Թուրքիոյ այն պահանջը, թէ թրքական բանակը ի հարկին հիւսիսային Իրաք պէտք է ներխուժէ, Թուրքիոյ մէջ սկսած զինուորական գործողութիւնները ամբողջացնելու նպատակով:
Համաձայնագիրը պիտի ստորագրուէր Հինգշաբթի օր, սակայն վերջին վայրկեանին ծագած տարակարծութեանց պատճառով որոշուած է խորհրդակցութիւնները շարունակել Ուրբաթ օր, սակայն անոնք եւս բաւարար չեղան իրաքեան կողմին կարծիքը փոխելու համար: Աթալայ յայտնեց, թէ որոշուած է այս հարցով բանակցութիւնները շարունակել:
Բանակցութեանց մօտիկ աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ իրաքեան կողմը Թուրքիոյ փոխանցած է, թէ հիւսիսային Իրաքի մէջ Պաղտատի կեդրոնական կառավարութենէն աւելի շրջանի քրտական կառավարութիւնը կրնայ իր կամքը պարտադրել:
Անոնք կ’աւելցնեն, թէ Անգարա մերժած է Իրաքի այն առաջարկը, թէ ներխուժելու արտօնութիւն կրնայ տրուիլ այն պարագային, երբ թրքական կողմը իւրաքանչիւր ներխուժումէ առաջ արտօնութիւն խնդրէ Իրաքի իշխանութիւններէն: