ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Յունուար 22ը այլ մահացու օր մըն էր քաոսային վիճակի մատնուած Իրաքի մէջ, ուր շարք մը յարձակումներ աւելի քան 100 զոհ խլեցին:
Յարձակումներէն ամենամահացուն տեղի ունեցաւ կեդրոնական Պաղտատի մէջ, առնուազն 88 զոհ խլելով եւ վիրաւորելով բազմաթիւ ուրիշներ:
Աւելի ուշ, Պաղտատէն հիւսիսարեւելք գտնուող Պաքուպա քաղաքին մէջ այլ յարձակում մը 14 զոհ խլեց:
Նոյն օրը, ամերիկեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ Պաղտատէն հիւսիս գտնուող շրանի մը մէջ վերջին 10 օրերուն իրագործուած ընդարձակ գործողութեան մը ընթացքին սպաննուած են 93 ապստամբներ եւ ձերբակալուած՝ 57 ուրիշներ:
Ամերիկեան զինուորական ուժերը իրենց կարգին մահացու շաբաթավերջ մը ունեցան, որու ընթացքին սպաննուեցան առնուազն 27 ամերիկացիներ:
Ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը Կիրակի օր յայտարարեց, որ միայն Շաբաթ օր Իրաքի մէջ սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը 24 էր: Այսպիսով, Շաբաթ, 20 Յունուար 2007ն կը հանդիսանայ ամերիկեան ուժերուն համար երրորդ ամէնէն արիւնալի օրը: Զինուորներէն տասներկուքը զոհ գացած էին ուղղաթիռի մը ջախջախումին, իսկ հինգը՝ Քերպալայի մէջ տեղի ունեցած զինեալ յարձակումի մը:
Միւս կողմէ, Իրաքի ոստիկանութիւնը Կիրակի օր հիւսիսային Մոսուլ քաղաքին մէջ ձերբակալեց երեք իրանցիներ, որոնք, ըստ ոստիկանութեան, անհրաժեշտ ինքնութեան թուղթերն ու մուտքի արտօնագիրները չունէին: