ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Վերջին քանի մը օրերու համեմատական խաղաղութենէն ետք, Իրաքի ոստիկանութիւնը Հինգշաբթի, Յունուար 4ին հաղորդեց, թէ 47 դիակներ եւս յայտնաբերուած են Իրաքի տարածքին, մինչ Պաղտատի քարիւղի կայաններէն մէկուն մօտերը տեղի ունեցած երկու պայթումներու ու շարք մը այլ յարձակումներու հետեւանքով սպաննուեցան առնուազն 20 ուրիշներ: Վիրաւորուեցան նաեւ 25 քաղաքայիններ:
Նոյն օրը, Իրաքի իշխանութիւնները հաղորդեցին, թէ նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի մօտիկ գործակիցներու դէմ մահապատիժը պիտի գործադրուի, հակառակ զայն կասեցնելու նպատակով ՄԱԿի մարդկային իրաւանց պաշտպան մարմնի յանձնակատար Լուիս Արպըրի կոչին:
ՄԱԿի նոր ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւս նման կոչ մը կատարեց, հակառակ այն իրողութեան, որ քանի մը օր առաջ ան յայտարարած էր, թէ նման մահապատիժներ երկիրներու ներքին հարցերն են, բողոքի ալիք մը յառաջացնելով մահապատիժի ընդդիմացող շրջանակներու մօտ:
Սատտամի մահապատիժին բջիջային հեռաձայնով նկարահանումի մը սփռումը մեծապէս դժուարացուցած է համոզել սիւննիները, թէ Սատտամի մահապատիժը իրենց դէմ ուղղուած շիիներու վրէժխնդրական արարք մը չէր: Այս հարցին վերաբերեալ վարչապետին խորհրդականը կը յայտնէ, որ ցարդ երեք կասկածելիներ ձերբակալուած են:
Միւս կողմէ, մինչ Սատտամի մահավճիռի գործադրութեան դէմ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին, Սատտամի «Պաաս» կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ Սատտամի փոխանորդ Իզզաթ Իպրահիմ Տուրին նշանակուած է կուսակցութեան նոր ղեկավար: Տուրի յայտարարեց, որ «նախկին նախագահի մահը պիտի զօրացնէ մեր վճռակամութիւնը»:
Անդրադառնալով նկարահանումին ստեղծած աղմուկին՝ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու բանբեր զօր. Ուիլեըմ Քալտուէլ ըսաւ, որ մահապատիժի գործադրութիւնը տարբեր ձեւով պիտի ընթանար, եթէ Միացեալ Նահանգներ ըլլար անոր պատասխանատուն: Ան յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերը Սատտամի «ֆիզիքական վերահսկողութիւնը» մահապատիժէն կարճ ժամանակ առաջ իրաքցի պաշտօնատարներուն յանձնած էին, եւ ամերիկեան ամբողջ անձնակազմը բանտէն հեռացած էր: