ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Փաքիստանի բանակը յայտարարեց, որ Փաքիստանի նախագահ Փերւէզ Մուշարրաֆ բանակի սպայակոյտի պետի պաշտօնին վրայ զինք փոխարինող մը նշանակած է։ Բանակի բանբեր զօր. Ուահիտ Արշատ յայտնեց, որ ան գաղտնի սպասարկութեանց նախկին ղեկավար զօր. Աշֆաք Փերւէզ Քիանին է։
Մուշարրաֆի փաստաբանները տարբեր առիթներով յայտնած են, թէ նախագահական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելու պարագային, Մուշշարաֆ պիտի հրաժարի բանակի սպայակոյտի պաշտօնէն։ Ընդդիմադիր կուսակցութիւններ կ՚ըսեն, թէ անոր թեկնածութիւնը հակաօրինական է եւ թէ ան դրժած է բանակի սպայակոյտի պետի պաշտօնէն հրաժարելու գծով նախապէս իր տուած խոստումը։
Զօր. Քիանի նշանակուած է բանակի սպայակոյտի պետի փոխանորդ եւ սպայակոյտի պետի պաշտօնը պիտի ստանձնէ այդ պաշտօնին թափուր մնալէն ետք։ Զօրավարը 2004էն մինչեւ անցեալ ամիս կը ղեկավարէր Փաքիստանի տխրահռչակ գաղտնի սպասարկութիւնները։ Ան վերջերս մասնակցած է նախագահ Մուշարրաֆի եւ նախկին վարչապետ Պենազիր Պութոյի միջեւ իշխանութեան բաժնեկցութեան գաղտնի բանակցութիւններուն:
Չորեքշաբթի օր Պութօ յայտարարեց, թէ այդ բանակցութիւնները տեղքայլի մէջ են:
Մինչ այդ, 80 երեսփոխաններ հրաժարեցան Փաքիստանի խորհրդարանէն՝ իբրեւ բողոք յառաջիկայ Շաբաթ օրուան նախագահական ընտրութեան։ Անոնք կը պնդեն, թէ նախագահ Մուշարրաֆ իրաւունք չունի թեկնածու ներկայանալու։
Մուշարրաֆի մրցակից երկու թեկնածուներ գերագոյն դատարանին ներկայացուցին անոր դէմ ուղղուած նոր բողոքագիրներ։ Անցեալ Ուրբաթ դատարանը մերժեց շարք մը բողոքագիրներ, ինչ որ նախագահին համար մեծ յաղթանակ մըն էր։
Վերլուծաբաններ կը յայտնեն, որ իսլամական կուսակցութիւններու դաշինքի անդամ 86 երեսփոխաններու հրաժարականը զօր. Մուշարրաֆի ընտրական յաղթանակը աւելի հաւաստի կը դարձնէ։ Երեսփոխանները հրաժարած են՝ յուսալով, որ իրենց այդ քայլը նախագահական ընտրութիւնը կ՚իմաստազրկէ։