ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները պիտի յառաջացնեն աշխատանքային խմբակ մը, որ կանոնաւորապէս պիտի զբաղի Թուրքիոյ՝ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան հարցով։
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէր, որ հաւանաբար Հոկտեմբերին Անգարա այցելէ, վերահաստատեց, թէ մօտ ատենէն հանդիպում պիտի ունենայ իր թուրք պաշտօնակիցին՝ Ալի Պապաճանի հետ։ Այս վերջինը նաեւ Եւրոպական միութեան մօտ Թուրքիոյ աւագ բանագնացն է։
Նիւ Եորքի Արտաքին յարաբերութեանց խորհուրդին կեդրոնին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ Քուշնէր ըսաւ, թէ ինք եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի «Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի հետ մէկուկէս ժամ անցուցինք, եւ որոշեցինք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարն ու ես պատասխանատուութիւնը ստանձնենք կազմելու աշխատանքային խմբակի մէկ նմանակը, քննարկելու համար Թուրքիոյ՝ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան բոլոր կարելիութիւնները»։ Յայտնենք, թէ անոնք Նիւ Եորք կը գտնուէին ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին առիթով:
Քուշնէր յայտնեց, որ ինքը մէկն է անոնցմէ, որոնք Սարքոզին համոզած են, որ Թուրքիան Եւրոպական միութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու բանակցութեանց դիմաց արգելքներ չդնէ։ Ան շեշտեց, որ, իր կարծիքով, սխալ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ նման «չափաւորական իսլամ երկիր մը» չընդունիլը, որովհետեւ այդ քայլը արմատական իսլամներուն կողմէ պիտի օգտագործուի՝ արդարացնելու համար իրենց կեցուածքը։
Սարքոզի միշտ յայտնած է, թէ ինք չի հաւատար, որ Թուրքիա Եւրոպայի կը պատկանի, եւ թէ «Թուրքիոյ առաջարկել ուզածս Եւրոպայի հետ ճշմարիտ գործընկերութիւն է, ոչ թէ Եւրոպայի հետ համարկում»։ Բայց եւ այնպէս, Քուշնէր ըսաւ, թէ «ֆրանսական կեցուածքը շատ յստակ է. ժամանակ ունինք», եւ աւելցուց, թէ ներկայիս «Ֆրանսա Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ ունի»։
Մինչ այդ՝ Թուրքիոյ վարչապետը խոստովանեցաւ, թէ Անգարայի համար դժուար պիտի ըլլայ Թուրքիոյ վերաբերեալ Սարքոզիի կարծիքը փոխել։ Էրտողան Իտալիոյ վարչապետ Ռոմանօ Փրոտիի հետ իր հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ «Սարքոզի անձ մըն է, որուն կարծիքը դժուար է փոխել եւ անձ մը, զոր համոզելը ընդհանրապէս դժուար է»։
Սարքոզի Թուրքիոյ անդամակցութեան կ՚ընդդիմանայ յայտնելով, որ երկիր մը, որուն հողերուն մեծամասնութիւնը Ասիոյ մէջ է, չի կրնար Եւրոպայի պատկանիլ։ Սարքոզի իր ծայրայեղ աջակողմեան մրցակիցներուն կողմէ Թուրքիոյ հանդէպ իր կեցուածքը մեղմացնելու յանցանքով քննադատութեան ենթարկուեցաւ, երբ ըսուեցաւ, թէ ան կը ջանար Խրուաթիոյ անդամակցութենէն ետք Եւրոպական միութեան մէջ նոր անդամներ ընդունելու համար հանրաքուէ պահանջող սահմանադրական յօդուած մը ջնջել։ Այդ յօդուածը որդեգրուած էր նախկին նախագահ Ժաք Շիրաքի պաշտօնավարութեան շրջանին եւ Թուրքիոյ անդամակցութեան արգելքներէն մէկը կը սեպուի՝ նկատի ունենալով, որ կարգ մը անդամ երկիրներու հանրային կարծիքը Թուրքիոյ անդամակցութեան դէմ է։