ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլացի ականաւոր ակադեմականներու եւ գրողներու խմբակ մը կոչ ուղղեց Իսրայէլի կառավարութեան՝ պաղեստինեան «Համաս» շարժումին հետ զինադադարի համաձայնութիւն մը գոյացնելու։ Կառավարութեան ուղղուած խնդրագիրի մը մէջ անոնք ըսին, թէ այդպիսի քայլ մը պիտի օժանդակէ իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն տառապանքին վերջ տալուն։
Խնդրագիրը ստորագրողներուն շարքին են՝ միջազգային հռչակ վայելող գրողներ Ամոս Օզ, Տէյվիտ Կրոսմըն եւ Էյ. Պի. Եհոշու։ Իսրայէլի կառավարութիւնը մերժեց խնդրագիրը՝ յայտնելով, որ Իսրայէլը քանդելու նուիրուած կազմակերպութիւն մը բանակցութեանց գործընկեր չի կրնար ըլլալ։
Խնդրագիրը կը նշէ, թէ «անցեալին Իսրայէլ իր յոռեգոյն թշնամիներուն հետ բանակցած է։ Ներկայիս, յարմար քայլը երկու կողմերուն յաւելեալ տառապանքը կանխարգիլելու համար ընդհանուր զինադադարի հաստատման համար «Համաս»ի հետ բանակցիլն է»։
Ի պատասխան խնդրագիրին՝ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Ռեկեւ խնդրագիրը որակեց ապարդիւն։ Ռեկեւ յայտնեց, թէ «Իսրայէլի կառավարութեան եւ Եւրոպական միութեան, Քանատայի ու Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը այն է, թէ պէտք է պաղեստինցի չափաւորականներուն հետ բանակցինք։ «Համաս»ի ճանաչում եւ օրինականութիւն տալը կրնայ միայն ծայրայեղականները հզօրացնել եւ չափաւորականները տկարացնել»։
Իսրայէլ կապեր չունի «Համաս»ի հետ, զոր ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը նկատէ։ Ան նաեւ «Համաս» պատասխանատու կը նկատէ իսրայէլեան հողերուն դէմ գրեթէ առօրեայ հրթիռարձակումներուն։