ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի դիտարկման եւ արագ արձագանգման խումբը, իր ստացած բողոքներու հիման վրայ, այս տարի պարբերաբար այցելած է յատուկ դպրոցներ, զօրամասեր, բանտեր եւ ծերանոցներ:
Ըստ պաշտպանի խորհրդական Սիլվա Մարկոսեանի, այս տարի նոյնպէս, անբաւարար պայմաններ արձանագրուած են Քանաքեռ-Զէյթուն համայնքի՝ լսողութեան խանագարումներ ունեցող թիւ 5 դպրոցին մէջ կատարուած երկու այցելութիւններու ընթացքին. «Մայրաքաղաքի գրեթէ բոլոր յատուկ դպրոցներում առկայ են խնդիրներ եւ երեխաների իրաւունքների խախտման դէպքեր: Համամետաբար լաւ պայմաններ են մարզերի յատուկ դպրոցներում», ընդգծեց Ս. Մարկոսեան:
Ան նշեց նաեւ, որ բանտերուն մէջ պայմանները աւելի լաւ են, քան քանի մը տարի առաջ, իսկ զօրանոցներուն եւ ծերանոցներուն մէջ բողոքներ չեն եղած:
Նշենք, որ այս տարի մանկատուներ այցելութիւններ չեն կատարուած: