ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը, մասնակցելով «Միջազգային բեւեռային տարի 2007-2008» յուշադրամներու թողարկման միջազգային ծրագիրին, 2006ի Դեկտեմբեր 11էն շրջանառութեան մէջ պիտի դնէ 100 դրամ անուանական արժէքով արծաթէ յուշադրամ:
Յուշադրամի դիմերեսի կեդրոնին պատկերուած է Հայաստանի զինանշանը, որմէ ներքեւ՝ շրջանագիծով հայերէն եւ անգլերէն անուանական արժէքի մակագրութիւնն է՝ «DRAM 100 ԴՐԱՄ»: Զինանշանէն վերեւ նշուած է թողարկման տարեթիւը՝ «2006»: Ամբողջը եզերուած է գծաւոր շրջանագիծով: Շրջանագիծի եւ եզրաշուրթի միջեւ՝ վերը, հայերէն, իսկ ներքեւը անգլերէն մակագրուած է, համապատասխանաբար՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ» եւ «REPUBLIC OF ARMENIA»:
Յուշադրամի դարձերեսի դաշտի ձախ մասին Ֆրիտիոֆ Նանսէնի դէպի աջ շրջուած դիմապատկերն է, որմէ ներքեւ երկու տողով նշուած են տարեթիւերը՝ «2007» եւ «2008»: Դիմապատկերէն աջ, ուղղահայեաց, անգլերէն մակագրուած է՝ «INTERNATIONAL POLAR YEAR»: Դաշտի աջ մասի վերը առկայ է «Միջազգային բեւեռային տարի 2007-2008» ծրագիրի պատկերանիշը: Պատկերանիշէն ներքեւ անգլերէն մակագրուած է՝ «FRIDTJOF NANSEN»: Դաշտի աջ մասի ներքեւ բեւեռախոյզներու եւ նաւի պատկերներն են: Դարձերեսի դաշտին պատկերուած են նաեւ երկրագունդի միջօրէականները:
Յուշադրամը դրուագուած է Լեհաստանի դրամահատարանին մէջ: