ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը առանց Ղարաբաղի մասնակցութեան, աւելին՝ առանց արցախցիներու կամքի արտայայտման, լուծում չի ստանար: Այսօր հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին նման համոզում յայտնեց փորձագէտ, քաղաքագէտ Լեւոն Մելիք Շահնազարեան եւ աւելցուց, որ հակառակ անոր, որ Հայաստան բանակցութիւններէն առաջ եւ յետոյ ԼՂՀ իշխանութիւններուն հետ կը քննէ իւրաքանչիւր դրոյթ, այնուամենայնիւ, ուշ կամ կանուխ, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը ԼՂՀի հետ բանակցութիւններ պիտի վարէ:
Ըստ փորձագէտին, այսօր արդէն պարզ է, որ Եւրոպան եւ մասնաւորապէս՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը շահագրգիռ են ոչ այնքան հիմնախնդիրի լուծումով, որքան հակամարտութիւնը «պահածոյացուած» պահելու ցանկութեամբ: «Թէ ինչպէս կը կարգաւորուի ԼՂ հիմնախնդիրը՝ կը մնայ այն անկախ, թէ կը լինի Հայաստանի կամ Ատրպէյճանի կազմում, իրենց համար երկրորդական խնդիր է: Ամենակարեւորն այն է, որ տարածաշրջանում կայունութիւն լինի», համոզուած է քաղաքագէտը:
Միջազգային իրաւունքի չափանիշներով, ըստ Լ. Մելիք Շահնազարեանի, 1988էն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր քայլերը, ընդունած որոշումները անթերի եղած են: «Աւելին՝ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը երբեք չի եղել Ատրպէյճանի կազմում: Անգամ ԽՍՀՄի տարիներին այն եղել է ոչ թէ Ատրպէյճանի կազմում, այլ նրա սահմաններում, ինչը միանգամայն այլ հասկացութիւն է: Շատ կարեւոր է նաեւ այն փաստը, որ ԼՂ բնակչութիւնը երբեք չի եղել Ատրպէյճանի քաղաքացի, այլ եղել է ԽՍՀՄ քաղաքացի, իսկ երբ Ատրպէյճանը դուրս է եկել ԽՍՀՄ կազմից՝ Ղարաբաղն արդէն հռչակած է եղել իր անկախութիւնը», նշեց փորձագէտը եւ աւելցուց, որ բանակցային գուծընթացի ժամանակ Հայաստան պէտք է յենի այս սկզբունքներուն վրայ: «Այս պարագայում խնդիրը միանգամայն այլ հարթութիւն կը տեղափոխուի, եւ կը ստեղծուեն յաջողութեան հասնելու բոլոր հնարաւորութիւնները», վստահեցուց ան:
Ինչ կը վերաբերի ԼՂ ինքնորոշման նոր հանրաքուէ կազմակերպելու տարբերակին, ապա փորձագէտի խօսքով, եթէ զայն առաջարկէ Հայաստանը, ապա կասկածի տակ կը դնէ Ղարաբաղի նախորդ հանրաքուէի օրինականութիւնը: «Սակայն եթէ կան պատճառաբանութիւններ, թէ իբրեւ այն անցկացուել է առանց միջազգային դիտորդների, ապա խնդիր չէ, Ղարաբաղը կարող է մէկ անգամ եւս հանրաքուէ անցկացնել, սակայն միմիայն ԼՂ տարածքում», ընդգծեց քաղաքագէտը եւ աւելցուց, որ խնդիրի հայանպաստ լուծման համար անհրաժեշտ է աշխուժացնել նաեւ մեր քարոզչական մեքենան: