ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը այլ երկիրներու հայ համայնքներու կիրակնօրեայ կամ միօրեայ դպրոցներուն համար կը մշակէ նոր ուսումնական ծրագիր: Այս մասին Սեպտեմբեր 25ին յայտնեց կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Սփիւռքի հետ կապերու բաժինի պետ Հրաչ Թադեւոսեան եւ նշեց, որ ծրագիրը միասնական պիտի ըլլայ հայ համայնքներու 150 դպրոցներուն համար:
Հրաչ Թադեւոսեան յայտնեց նաեւ, որ ամրան տեղի պիտի ունենայ համահայկական կրթական 3րդ խորհրդաժողովը, ուր պիտի քննուի այդ միասնական նախագիծը: Խորհրդաժողովին ներկայ պիտի ըլլան բոլոր հայկական համայնքներու կրթական համակարգի պատասխանատուներ, մասնագէտներ. «Մինչեւ այդ քննարկումը տեղի չունենայ, մենք ծրագիրը կեանքի կոչել չենք կարող: Պէտք է հաշուի առնենք բոլոր համայնքների ներկայացուցիչների կարծիքները, առաջարկութիւնները եւ համապատասխան ուսումնասիրութիւններ կատարելով նպաստենք, որպէսզի այն անխուսափելիօրէն, առանց խոչընդոտների իրագործուի: Կարծում եմ՝ գոնէ կիրակնօրեայ դպրոցների հետ կապուած շատ խնդիրներ կը լուծուեն ե՛ւ չափորոշիչների, ե՛ւ ուսումնամեթոտական առումներով», նշեց Թադեւոսեան:
Ան ըսաւ նաեւ, որ հայ համայնքներուն մէջ կրթական համակարգի եւ հայապահպանումին կապուած բազմաթիւ խնդիրներ կան, որոնց վերաբերեալ պէտք է գործնական քայլեր ձեռնարկել: