Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 4րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին եւ Միլանօ քաղաքի «տըրպի»ի մրցումին իրարու դէմ մրցեցան երկրի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր «Ինթեր Միլան»ը եւ «Ա. Սէ. Միլան»ը:
Մրցումը վերջ գտաւ «Ինթեր»ի ջախջախիչ յաղթանակով՝ 5-1 արդիւնքով:
Մրցումին 5րդ վայրկեանին, սքանչելի կօլով մը (տարեշրջանի առաջինը) այս կարեւոր ճակատումին հաշիւը բացաւ «Ինթեր»ին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան:
Այդ կօլով չբաւարարուելով, միջնապահ Մխիթարեան 69րդ վայրկեանին «տուպլէ» մը իրագործեց, իսկ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3րդ) կատրեց վերջին կօլին փոխանցումը:
Նշենք, որ 34 տարեկան Մխիթարեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին, ընտրուեցաւ մրցումին լաւագոյն խաղացողը: