ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միջազգային կարմիր խաչի (ՄԿԽ) ներկայացուցիչներ կանոնաւոր այցելութիւններ կը կատարեն Դեկտեմբեր 24ին հայկական բանակային դիրքերէն մէկուն գերի յանձնուած Ատրպէյճանի բանակի զինուոր Սամիտ Մամէտովի արգելափակման վայր:
ՄԿԽի հայաստանեան գրասենեակէն յայտնեցին, որ գերիին վերադարձը կը կազմակերպուի միայն երկու կողմերու պահանջով եւ զինուորի կամքով:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի բանակի զինուորը իր արարքը բացատրած է սպաներու կողմէ պարբերաբար ծաղրանքի եւ ծեծի ենթարկուելու փաստով:
Նշենք, որ վերջերս Ատրպէյճան վերադարձուած է մոլորութեան պատճառով Դեկտեմբեր 7ին Ղարաբաղի պաշտպանական բանակի կողմէ գերեվարուած զինուոր Վուսալ Կարաչաեւը: