Տարբեր առիթներով խօսած ենք ազգային մշակոյթի էական կարեւորութեան մասին, հայ կեանքի բոլոր մարզերէն ներս, ի հարկէ կրթութիւն, բայց նաեւ կուսակցութիւններ, միութիւններ, Հայ Դատի հետապնդում, քանի որ ան խորք կու տայ նախաձեռնութիւններուն:
Առանց այդ խորքին, ազգային նպատակներու ծառայող աշխատանքները կը վերածուին դիւանակալութեան, հաշուապահութեան, որոնք կրնան իրագործուիլ նաեւ ոչ հայ մասնագէտներու կողմէ:
Նկատի առնենք պարզագոյն օրինակը՝ ոտնագնդակը, ֆութպոլը: Հայկական մարզական միութիւն մը, Սփիւռքի պայմաններուն մէջ, ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ: Նախ այս հարցումը պէտք է ուղղել, հայ անհատներէ զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն պահանջելէ առաջ: Երբ հայ մարզական միութիւնը կը դադրի հայ մարզիկներու միութիւն ըլլալէ, իր մարզական խումբերը յաղթանակներ ձեռք բերելու համար կը կազմուին ոչ-հայերով, անոնք կը դառնան ի միջի այլոց մարզական ակումբներ: Երբ քաղաքի մը խումբին տասմմէկ խաղացողներէն տասը ոչ-հայեր են, այդ մարզական միութիւնը դեռ կրնա՞նք կոչել «հայ մարզական»: Ինչո՞ւ հայ անհատներ յատկացումներ պիտի ընեն, ճաշկերոյթներու ներկայ պիտի ըլլան, նման խումբերու ծախսերը հոգալու համար: Ձեռք բերուած արդի՞ւնքն է կարեւոր, թէ մարզական միութեան ճամբով սերունդները հայ պահելու ճիգը:
Այս օրինակը ընդհանրացնելով, աւելի խոր վերլուծման եւ գնահատումի կրնանք ենթարկել հայ կեանքի մէջ գործող կազմակերպութիւնները, կուսակցութիւնները, եկեղեցիները, նոյնիսկ մշակութային կոչուած միութիւնները: Եզրակացութիւնը կ’ըլլայ այն, որ մասնակի երեւոյթներ միայն կը մնան, օրինակ, շարժանկարի ցուցադրութիւն կամ պարախումբ, երկու պարագաներուն ալ կը բացակային պատմութիւն, գրականութիւն, եւայլն: Թերեւս դեռ ժամանակ մըն ալ կարելի կ’ըլլայ մարդիկ խմբել, մանաւանդ երիտասարդներ, կարգախօսային տարազներով, ինչպէս «ազատ, անկախ Հայաստան», «ճանչնալ եւ դատապարտել ցեղասպանութիւնը», «Ղարաբաղը մերն է» …, ասուպային խանդավառութիւններու ծնունդ տալով: Մակերեսայնութիւնը երբեք տեւելու ազդակ չէ եղած: Այսպէս, «Ղարաբաղ»ով խանդավառուողներ եղան, որոնք այդ բառը չէին լսած անգամ, քարտէսին վրայ տեղը չէին գիտեր, բայց աղմկարարութիւն առաջնորդելու յաւակնութիւններով հրապարակ իջան եւ այսօր անտեսանելի են, լուծուած են շրջապատին մէջ: «Ազգային» համարուած նախաձեռնութիւնները շնչահեղձ կ’ըլլան, երբ ենթահող չունին, այսինքն անոնց ետին չենք գտներ պատմութենէն փոխանցուած գիտակցութիւն – որ չի շփոթուիր պատմագիտութեան հետ – մշակոյթէն ստացուած ոգի, որ կու գայ լեզուով, գրականութեամբ, բանաստեղծութեամբ, թատրոնով, հին եւ նոր արուեստներով: Այն պահուն, երբ ամէն բանի թարգմանութիւնը կը պահանջուի, ինչ որ անկարելի է, յստակ կը դառնայ որ կը գտնուինք անվաղորդայն իրարանցումներու դիմաց: Թարգմանութիւնները ուղղուած պիտի ըլլան դէպի օտարները՝ ծանօթացման նպատակով, եւ ոչ դէպի սեփական ժողովուրդը: Ի հարկէ, կան հազուագիւտ եւ շատ յարգելի բացառութիւններ: Բայց բացառութիւններով հաւաքական ուժ չի ստեղծուիր եւ զանոնք նկատի առնելով քաղաքականութիւն չ’որոշուիր, չ’առաջնորդուիր: Ինքնախաբէութիւն է նման ընթացքի որդեգրում, ջայլամի քաղաքականութիւն:
Փոխանակ բաւարարուելու յարդի բոցով, եւ յաւակնութիւններու համար օգտագործելով զայն – իշխանատենչութիւն, ջոջականութիւն, շահախնդրութիւններ – յաւելեալ պատասխանատուութեամբ ապագայի մասին հարկ է մտածել, ձեռնարկել երկարաշունչ աշխատանքի, ազգային լեզուն, իր որակով, վերադարձնելու համար մեր տուները, ակումբները, ժողովները, բեմերը, զայն չփոխարինելով բաբելական բազմագոյն լեզուներով: Ոչ հաց-պանիր հայերէն մը, ինչպէս ըսած է երախտաշատ մտաւորական մը, այլ լեզու մը որ կը կրէ մեր ինքնութիւնը, մեզի կը բերէ մեր բազմադարեան ժառանգութիւնը: Դրական խանդավառութեամբ զաւակը կոչել «Նարեկ», բացասական չէ, բայց երբ այդ «Նարեկ»ը քսան տարեկան կ’ըլլայ եւ չի գիտեր, թէ ո՞վ եղած է այդ անուան տէրը, կացութիւնը կը դառնայ ծաղրանկարային:
Նոյն տրամաբանութեամբ եթէ մօտենանք Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն, պիտի տեսնենք, թէ ինչ հորիզոններ կը բացուին «ցեղասպանութիւնը ճանչնալ»ու կարգախօսէն անդին: Ամէն անգամ որ հայ մը կը դադրի հայերէն խօսելէ, ցեղասպանութիւն տեղի կ’ունենայ, աւելի ճիշդ՝ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի: Այս կացութեան խոր վերլուծումով հարկ է ներկայանալ պայքարի դաշտ, ինչ որ նոր ուժականութիւն կը ներշնչէ Հայ Դատի հետապնդման: «Ցեղասպանութեան ճանաչման» կարգախօսը քառակուսի անիւ է, իսկ սերունդի մը անհետացման կամ ինքնութեան կորուստին դէմ պայքարը ուժականութիւն է, հեռանակար ունի: Երբ կը բանտարկուինք «ճանաչման» աղմուկին մէջ, տեղքայլ կ’ընենք:
Կորսուած ջաղացքին չախչախի յիշատակով խանդավառուելու փոխարէն, ապագայ կերտելու համար, յանդուգն վերատեսութիւններ անհրաժեշտ են: Բայց այս արդէն ոչ թէ դիրքապաշտ հաշուապահներու եւ նպարավաճառներու, այլ իր անուան արժանի ղեկավարութեան գործ է: