Մոսկուայի մէջ, Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հանդիպումէն առաջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի տեսակցութեան ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Արցախի հակամարտութիւնն ու վերջին զարգացումները:
Փաշինեան յայտնեց, որ բաւական լարուած իրավիճակ կը տիրէ Արցախի մէջ՝ Լաչինի միջանցքին պատճառով: «Ցաւօք, հակառակ 2020ի Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան, Ադրբեջանը ապօրինի արգելափակեց Լաչինի միջանցքը, ինչի պատճառով Լեռնային Ղարաբաղը յայտնուեց ճգնաժամի մէջ», ըսաւ ան:
Ան յիշեցուց, թէ ի՛նչ վիճակ կը տիրէ Արցախի մէջ՝ դադրեցուած է բնական կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը, սննդամթերքի եւ ապրանքներու մատակարարումները բարդ են:
«Ի հարկէ, ռուս խաղաղապահները աջակցում են, բայց, ցաւօք, ինչպէս ասացի, Լաչինի միջանցքի արգելափակումը տեղի ունեցաւ ռուս խաղաղապահների ներկայութեամբ», յայտարարեց Փաշինեան:
Իր խօսքին մէջ Ռուսիոյ նախագահը շեշտեց, որ Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումը երբեք չէ փոխուած: »Եւ դուք գիտէք, որ թէ՛ մեր հայ ընկերներուն, թէ՛ Ատրպէյճանին հետ քննարկումներուն մենք միշտ հաւատարիմ եղած ենք եւ հիմա ալ հաւատարիմ ենք այս դիրքորոշման: Ամէն ինչ պէտք է համապատասխանէ մեր այս եռակողմանի յայտարարութեան ոգիին ու տառին: Մեր դիրքորոշումը այստեղ չէ փոխուած«, հաստատեց Փութին:
Ըստ անոր՝ Ալիեւի հետ եռակողմանի հանդիպման պիտի քննարկուի նաեւ երթեւեկային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կապուած հարցեր:
«Հայաստանն իսկապէս շահագրգռուած է դրանում. մենք պատրաստ ենք սկսել ապաշրջափակել բոլոր տրանսպորտային (փոխադրական) եւ տնտեսական կապերն ու հաղորդակցութիւնները՝ հիմնուած մեր երկրի ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան վրայ», շեշտեց Փաշինեան:
Ան յայտնեց, որ Երեւան կ՛ակնկալէ, որ ատրպէյճանական երկաթուղին բաց ըլլայ նաեւ բեռներուն համար՝ Նախիջեւանով, Ատրպէյճանով:
Իր կարգին, Փութին ընդգծեց, որ ճամբաներու ապաշրջափակման վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումը նոյնպէս անփոփոխ է: Այս հարցը նաեւ, ըստ անոր, ատրպէյճանական պատուիրակութեան հետ երկկողմանի շփման ընթացքին քննարկած են, եւ «ատրպէյճանական կողմը նոյնպէս կը հաստատէ, որ այս հարցին մէջ որեւէ փոփոխութիւն չունի»: Ըստ Ռուսիոյ նախագահին՝ Պաքու կը ճանչնայ «Հայաստանի ամբողջական ինքնիշխանութիւնը այս տարածքին նկատմամբ»:
Այդուհանդերձ, Փութինի պնդումով՝ կան հարցեր, որոնք կապուած են եզրաբանութեան հետ, որոնց մասին մանրամասն կարելի է խօսիլ:
«Հարցերը շատ կարեւոր են, զգայուն: Վստահ եմ՝ եթէ մենք ի վերջոյ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն՝ որոշումներու կը յանգինք այդ հարցերու վերաբերեալ. ատիկա շահաւէտ պիտի ըլլայ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի համար, սակայն ոչ միայն այդ երկու երկիրներուն համար, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին, որովհետեւ անով շահագրգռուած են բազմաթիւ պետութիւններ, եւ ատիկա պիտի նպաստէ յարաբերութիւններու կարգաւորման բոլոր ուղղութիւններով, որոնց կարգին՝ քաղաքական՝ այս տարածքին մէջ ապրող մարդոց ապահովութեան երաշխաւորման առումով», յայտնեց Փութին:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն։ Ապրանքաշրջանառութիւնը վստահօրէն դրական միտումով կ՛ընթանայ, արձանագրեց Ռուսիոյ նախագահը՝ յայտնելով, որ անցեալ տարի անիկա աւելցած է աւելի քան 83 տոկոսով եւ հասած 5 միլիառ տոլարի:
Փաշինեանի հետ հանդիպման նախորդեց Փութին-Ալիեւ հանդիպումը: