Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Չորեքշաբթի օր ընդունեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը, որ պաշտօնական այցելութեամբ հասած էր Մոսկուա:
Ասատ յայտնեց, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ «նոր փուլի ճամբայ կը հարթուի» եւ շնորհակալութիւն յայտնեց երկրաշարժի հետեւանքները մեղմացնելու համար ռուսական բանակին տրամադրած օժանդակութեան համար, ինչպէս նաեւ «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մէջ մեր կողքին կանգնելուն համար»:
Ասատ աւելցուց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Ռուսիա պատերազմի մէջ է, սակայն «անոր կեցուածքը հաստատ է եւ անփոփոխ»:
«Մենք՝ իբրեւ հաւատարիմ բարեկամներ, օժանդակութիւն կը տրամադրենք երկրաշարժին պատճառով սուրիացի ժողովուրդի տառապանքը թեթեւցնելու համար», իր կարգին ըսաւ Փութին: Ան նաեւ նշեց, որ հակառակ դժուարութիւններուն, Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները 7 առ հարիւրի աճ արձանագրած են:
Նշենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու հանդիպում ունեցած է իր սուրիացի պաշտօնակիցին հետ եւ քննարկած Սուրիոյ մէջ կացութիւնը եւ զինուորական գործակցութիւնը: Կողմերը ընդգծած են Սուրիոյ կայունութեան պահպանման համար սերտ համագործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը: