Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով 29 Նոյեմբերին յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ նախագահը տակաւին ծրագիր չունի հեռաձայնային զրոյց ունենալու Հայաստանի վարչապետին Նիկոլ Փաշինեանի հետ, բայց զայն կը սպասեն Ս. Փեթերսպուրկի մէջ։
Ան դիտել տուաւ, որ Ամանորէն առաջ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած են աւանդական նախաձեռնութիւններ: Խօսքը ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական հանդիպումին մասին է:
Փեսքով յայտնեց, որ անոնք ոչ միայն տօնական, այլ նաեւ աշխատանքային նախաձեռնութիւններ պիտի ըլլան` աշխատանքային օրակարգով:
«Եթէ պարոն Փաշինեան հոս գայ, այնպէս, ինչպէս բոլորը, խօսելու հիանալի հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ», ըսաւ ան։
Հայաստան-Ռուսիա լարուած յարաբերութիւններու լոյսին տակ, հայ պաշտօնեաները բաւական երկար ատեն է, որ չեն մասնակցիր Մոսկուայի առաջնորդած կառոյցներու նիստերուն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա եւս խօսեցաւ այդ անպաշտօն հանդիպման եւ ԵԱՏՄի նիստին Փաշինեանի մասնակցութեան մասին՝ հաստատելով, որ պէտք է հիմնուիլ ոչ թէ յոյսերու, այլ յստակ փաստերու վրայ:
Ըստ «Ազատութեան»՝ աւելի կանուխ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով ըսած էր, որ Փաշինեանի մասնակցութեան վերաբերեալ Երեւանէն դրական ազդանշաններ ստացած են:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան 28 Նոյեմբերին լրագրողներու ըսաւ, որ Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումներուն մասնակցել-չմասնակցելու վերաբերեալ հայկական կողմը տակաւին որոշում չէ տուած: «ԵԱՏՄ նախագահող երկիր ենք դառնում, անձամբ ես կարծում եմ, որ նախագահութիւնը ստանձնելու համար Հայաստանը պէտք է մասնակցի», նշեց Սիմոնեան: