Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ գոհացնելու համար լրատուամիջոցներու հարցումներուն՝ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ յայտնելով, որ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումը Ռուսիոյ գերակայ հարցերէն է, եւ թէ Ռուսիա անդրկովկասեան հանրապետութիւններու հետ կապուած է հասարակաց պատմութեամբ, հոգեւոր-մշակութային սերտ յարաբերութեամբ, ժողովուրդներու միջեւ ամուր բարեկամական կապերով: Ռուսիա, որ անմիջականօրէն սահմանակից է Հարաւային Կովկասին, շահագրգռուած է այդ տարածաշրջանի կայունութեամբ եւ բարգաւաճումով, անոր փոխադրամիջոցներու-գումակային, առեւտրական-ներդրումային, ճարտարագիտական հնարաւորութիւններու բացումով եւ փոխադարձ օգտագործումով: Ճիշդ այդ նպատակին ուղղուած են ռուսական դիւանագիտութեան ջանքերը:
«Մենք եռանդուն կերպով կ՛աշխատինք տարածաշրջանին մէջ կուտակուած հակամարտային կարողականութեան յաղթահարման ուղղութեամբ: Այս ծիրին մէջ, գերակայ հարցերէն մէկն է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումը, որուն հիմք կը հանդիսանան Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 Նոյեմբեր 2020ի, 11 Յունուար եւ 26 Նոյեմբեր 2021ի, 31 Հոկտեմբեր 2022ի յայտարարութիւնները: Համոզուած ենք, որ հոլովոյթի յաջողութիւնը ամբողջովին կախեալ է այդ եռակողմ համաձայնութիւններուն ամբողջական պահպանումէն», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Նախարարութիւնը նաեւ ընդգծեց 3+3 տարածաշրջանային հարթակի կարեւորութիւնը: «Մենք նպատակ ունինք խթանել Դեկտեմբեր 2021ին մեկնարկած 3+3 խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակի աշխատանքը (Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան, ինչպէս նաեւ Ռուսիա, Իրան եւ Թուրքիա): Այս հարթակը, ուր նախատեսուած է կեդրոնանալ համագործակցութեան ամրապնդման գործնական հարցերուն վրայ՝ մեկնելով տարածաշրջանային խաղացողներու շահերէն, կը նկատենք օգտակար եւ ժամանակին։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանեց նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու լուծման հարցին մէջ Ռուսիոյ մասնակցութեան վերաբերող հարցումի մը:
«Անգարայի եւ Երեւանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը, Ռուսիոյ հովանիին տակ, մեկնարկեց Յունուար 2022ին, երբ Մոսկուայի մէջ առաջին անգամ հանդիպեցան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներ Ռ. Ռուբինեան եւ Ս. Քըլըչ: Երկուքին հետ մենք հիմա ալ սերտ կապի մէջ ենք: Մենք կ՛ողջունենք վերջին յառաջընթացը, որ հեռանկարներ կը բանայ Հայաստան-Թուրքիա կապերու վերականգնման համար, ինչ որ պիտի նպաստէ տարածաշրջանային իրավիճակի հետագայ բարելաւման», կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: