Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ֆրանսայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան անցնող շաբաթավերջին կոչ ուղղեց, որպէսզի հայութիւնը միահամուռ ձեւով ընդդիմանայ Եւրոպական միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան:
Մուրատ Փափազեան յայտարարեց, թէ «Ցեղասպանութիւնը ուրացող եւ ցեղասպան անցեալով պետութիւն մը տեղ չունի Եւրոպայի մէջ: Մենք պիտի բազմապատկենք մեր ճիգերը Եւրոպայի տարածքին եւ յառաջիկայ Դեկտեմբեր 14ին, Ուրբաթ օր, Պրիւքսէլի մէջ մեր ձայնը լսելի պիտի դարձնենք, երբ 27 պետութիւններու ղեկավարներ պիտի հաւաքուին, քննելու համար Թուրքիոյ թեկնածութիւնը»:
Ան կ’ակնարկէր ԵՄի գերաստիճանին:
Ան աւելցուց, թէ Եւրոպայի հայութիւնը պէտք է մեծ թիւով մասնակցի այդ հաւաքին եւ արթնութեան կոչ ուղղեց: «Մենք թոյլ պիտի չտանք, որ Թուրքիա շարունակէ այս խաղը: Լռութիւնը համազօր է մեր իրաւունքներէն զիջումի», եզրափակեց Մուրատ Փափազեան: