ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- ՆՕՎԱ (Նորացնել եւ օժանդակել վերարտադրողական առողջութեանը) ծրագիրով, յառաջիկային մօր եւ մանկան առողջութեան բարելաւման ուղղութեամբ ծրագիրներ պիտի գործադրուին Արագածոտնի, Արարատի, Արմաւիրի, Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի մարզերու գիւղական համայնքներուն մէջ, ուր պիտի վերանորոգուին գիւղերու դարմանատուները, որոնք նաեւ պիտի ապահովուին բժշկական պարագաներով եւ սարքաւորումներով:
Ծրագիրի մեկնարկին նուիրուած Դեկտեմբեր 20ի ձեռնարկի ընթացքին, ծրագիրի դիտարկման եւ գնահատման մասնագէտ Զարուհի Մկրտչեան նշեց, որ այս 5 մարզերու մանկաբարձական կէտերու (ԲՄԿ) մեծ մասը՝ 49%ը վերանորոգման կարիք ունի:
Առողջապահութեան նախարարութեան մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման բաժինի պետ Կարինէ Սարիբէկեանի խօսքերով, վերջին 15 տարիներուն Հայաստանի մէջ մանկական մահացութիւնը կրճատուած է շուրջ 40%ով: Այսպէս, եթէ 90ական թուականներու սկզբներուն 1000 նորածիններէն մինչեւ մէկ տարեկան մահացած է 18.6ը, ապա 2005ին այդ ցուցանիշը կազմած է 12.3: Ան յայտնեց նաեւ, որ եթէ 90ականներէն մինչեւ 2001 ծնելիութեան ցուցանիշը կրճատուած է մօտ 2 անգամ, ապա 2001-2004ին մօտ 5-7%ով աճի միտում արձանագրուած է:
Նշենք, որ ՆՕՎԱ ծրագիրը կ’իրականացուի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) ֆինանսաւորմամբ, եւ 2004ի Հոկտեմբերէն ծրագիրը իրականացուած է Շիրակի, Լոռիի, Տաւուշի, Գեղարքունիքի եւ Կոտայքի մարզերուն մէջ, ուր հիմնուած են վերապատրաստման 12 կեդրոններ եւ վերապատրաստուած են մօտ 500 գիւղական բժիշկներ եւ հիւանդապահուհիներ, վերանորոգուած է 60 բժշկական դարմանատուն, իսկ 178 դարմանատուներ ստացած են նոր բժշկական պարագաներ եւ սարքաւորումներ: