Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանին մէջ գործող Միջին Արեւելքի Ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներու խորհուրդը, յանձինս Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի զոյգ առաջնորդներուն՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Սերաբիոն եպիսկոպոսի եւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Եուճին Քափլան արքեպիսկոպոսի, Երեքշաբթի, 19 Յունիս 2007ին, իր հերթական ժողովը գումարեց ասորիներու առաջնորդարանին մէջ։
Առաւօտեան ժամը 11ին, եկեղեցական կարճ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Ս. Եփրեմ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Իւրաքանչիւր եկեղեցի իր լեզուով Աստուծոյ յատուկ աղօթք եւ օրհնութիւն վերառաքեց։
Առաջնորդ սրբազան հօր կ’ընկերանային Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան։
Բացման աղօթքէն ետք, ժողովը անցաւ օրակարգի լուծման եւ քննարկեց յառաջիկայ միատեղ ծրագիրներու եւ աշխատանքներու կարելիութիւնները։ Ժողովը, լսելէ ետք Ուղղափառ եկեղեցիներու կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ երիտասարդաց յանձնաժողովներու զեկոյցները, որոշեց.-
Ա.- Դեկտեմբերի կիսուն, Էջմիածնական թեմի առաջնորդարանին մէջ, Ուղղափառ եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտութեան համար դաստիարակչական եւ հոգեւոր բնոյթի հաւաք մը կազմակերպել։ Յիշեցնենք, որ անցնող տարեշրջանին նոյնպիսի հաւաք մը տեղի ունեցաւ մեր թեմի հիւրընկալութեամբ, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Բ.- Հինգշաբթի, 17 Յունուար 2008ի առաւօտեան ժամը 10:30ին, Ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներու համատեղ Ս. Պատարագ մատուցել, մասնակցութեամբ եկեղեցականաց դասերուն, կազմակերպել հոգեւոր լսարան՝ առաւել եւս ծանօթանալու մէկզմէկու ծիսական հարստութեանց եւ աւանդութիւններուն, ապա ունենալ հաւաքական ճաշ, հիւրընկալութեամբ մեր թեմի Ազգային առաջնորդարանին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ։
Հաւաքական սիրոյ ճաշի ընթացքին, տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց առաջնորդներու եւ եկեղեցականներու միջեւ, որոնք ընդհանրապէս անդրադարձան եւ խորհրդակցեցան այժմէական հարցերու, ինչպէս նաեւ Առաքելական Ուղղափառ եկեղեցիները յուզող խնդիրներու՝ վարչական, կրօնադաստիարակչական, պատանեաց եւ երիտասարդական հարցերու։