Հինգշաբթի, 8 Փետրուարին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, հանդիպում մը ունեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներկայ իրավիճակին, Արցախի հիմնահարցին, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ յատկապէս Արցախ հաւաքական վերադարձին վերաբերող հարցերը։
Տեղեկութիւններ փոխանակուեցան՝ հայրենիքի մէջ եւ համաշխարհային մակարդակի վրայ Արցախի հարցին արդարացի լուծում տալուն գծով կատարուած աշխատանքներուն եւ նախատեսուած համահահայկական նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ։
Շեշտուեցաւ արցախահայերուն մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու եւ Հայաստանի պետականութեան հիմերու ամրապնդման աշխատանքին շարունակութեան՝ ի խնդիր ազգային միասնականութեան զօրացման եւ ներկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման՝ ազգային կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման եւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եկեղեցւոյ դերակատարութեան խորացման կարեւորութիւնը։