Այս օրերուն, ամբողջ աշխարհի մէջ, Հայաստանի թէ Սփիւռքի զանազան անկիւնները, մենք կը նշենք Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադրութեան տարեդարձը: Կարճ՝ Հ.Յ.Դ. Օրը:
Մեր պատմութեան մէջ չկայ ճշգրիտ թուականը (ամիս, օր) Դաշնակցութեան հիմնադրութեան: Նոյնիսկ Դաշնակցութեան «Մանիֆեստ»ը կը կրէ միայն տարեթիւ՝ 1890: Յայտնի է միայն, որ 1890ի աշնան արդէն, այս կազմակերպութիւնը հրապարակի վրայ ներկայութիւն էր: Հետեւաբար, աւանդութիւն դարձած է աշնան նշել Հ.Յ.Դ. Օրը:
«Մանիֆեստ»ը զինեալ յեղափոխութեան կոչ կ’ուղղէր յանուն հայ ժողովուրդի ու անոր հայրենիքի ազատագրումին ու այս գործին մէջ անհրաժեշտ կը նկատէր հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն ու դասակարգերուն մասնակցութիւնը: «Մանիֆեստ»ը դեր վերապահած էր գիւղացիին, քաղաքաբնակին, մտաւորականին, բարեկեցիկին, հարուստին ու չքաւորին: Մէկ խօսքով՝ բոլորին: Հոն դեր վերապահուած էր նաեւ իգական սեռին, ինչ որ այդ օրերուն աչքառու կերպով յառաջդիմական մօտեցում կ’ենթադրէր:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան 116 տարիները ցոյց կու տան, որ ան սկզբունքային եւ անզիջող կերպով կառչած է հայ ժողովուրդի ու անոր հայրենիքի շահերու պաշտպանութեան գործին: Իսկ այս շահերը ան բանաձեւած ու յստակացուցած է՝ հիմնուելով իր ընկերվարական աշխարհահայեացքին վրայ, համամարդկային ընդհանուր արժէքային համակարգի պարունակին մէջ:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան սկզբունքային կեցուածքով կը բացատրուի այն հանգամանքը, որ մինչ վերջին քսան տարիներուն, երբ, օրինակ, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը մօտաւորապէս երկու տասնեակ պետութիւններու խորհրդարաններուն կողմէ դրական վերաբերումի արժանացած է, ասոր զուգահեռ սկսած է զարգանալ արուեստական-արտաքին տրամադրութիւն մը, ըստ որուն՝ պէտք է բաւարարուիլ ճանաչումով ու հայ-թրքական յարաբերութիւններու թղթածրարը այդ ձեւով փակուած համարել, այս մէկը հանդիպեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան մերժումին:
Որովհետեւ, ինչպէս ըսինք, Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար, հարցը սկզբունքային է ու այս ուղղութեամբ զիջում չկայ.- Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը իրարմէ անքակտելի են: Ճանաչումը առանց հատուցումի՝ քաղաքական ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ եւ հետեւաբար, հայութեան շահերուն համար նպաստաւոր չէ: Այս փաստարկումին ներքին տրամաբանութիւնը այն է, որ Թուրքիա Ցեղասպանութիւն ծրագրելով ու գործադրելով հայ ժողովուրդին դէմ, իւրացուց ոչ միայն անոր նիւթական հարստութիւնը, այլեւ՝ անոր բնօրրան հայրենիքի, Հայաստանի մեծագոյն մասը: Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքն է, անոր կը պատկանի. ոչ ոք իրաւունք ունի անկէ մասնիկ մը խլելու: Հետեւաբար, երբ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը հետապնդէ հայութեան շահերը, անոր այս կեցուածքը սկզբունքային է:
Այսպիսով, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կ’առաջադրէ ստեղծել Հայաստան մը, որ ՄԻԱՑԵԱԼ ըլլայ, այսինքն՝ իր սահմաններէն ներս ներառէ այն հողամասերը, որոնք Սեւրի դաշնագրով ու նախագահ Ուիլսընի սահմանագծումով մաս կը կազմեն միջազգային օրէնսդրութեան: Տարբեր խօսքով, Դաշնակցութեան այս առաջադրանքը ունի նաեւ միջազգային օրէնքի հիմնաւորում:
Դաշնակցութիւնը իր առաջադրած միացեալ Հայաստանը կը պատկերացնէ նաեւ իբրեւ ԱԶԱՏ եւ ԱՆԿԱԽ: Տարբեր խօսքով, պետութիւն մը, որուն ժողովուրդը լաւագոյնս կրնայ բարգաւաճիլ իբրեւ ազատ հասարակարգ ու իբրեւ այդպիսին, կարենայ լաւագոյնս ամրապնդել իր քաղաքական անկախութիւնը:
Ազատ հասարակարգով օժտուած պետութիւններն են, որոնք կրնան լաւագոյնս վայելել անկախութեան բարիքները ու առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ կենսագործել նոյն այդ անկախութիւնը: Բնականաբար, չկայ բացարձակ անկախութիւն: Կայ սակայն անկախութեան այնպիսի մակարդակ, որ կրնայ երաշխաւորել տուեալ պետութեան, երկրին ու ժողովուրդին բարգաւաճումը՝ իբրեւ պետութիւններու համաշխարհային ընտանիքի հաւասարազօր անդամ:
Այս ընդհանուր պատկերացումով է նաեւ, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, իբրեւ ջատագովը ազատ հասարակարգի մը ստեղծումին: Իսկ նման հասարակարգ մը կրնայ ստեղծուիլ ու զարգանալ միայն ժողովրդավար վարչակարգով օժտուած երկրի մը մէջ: Ժողովրդավարութիւնը ժողովուրդին հարազատ կամքով ստեղծուած իշխանութիւն կը նշանակէ: Ժողովուրդին հարազատ կամքը կ’արտայայտուի քուէարկութեամբ, ազա՛տ քուէարկութեամբ, առանց որեւէ կաշկանդումի կամ զեղծարարութեան:
Այս հիմնաւորումով է նաեւ, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, Հայաստանի հանրապետութեան մէջ 2007ի Մայիսին նախատեսուող խորհրդարանական ընտրութիւններուն կապակցութեամբ, իշխանութիւններէն կ’ակնկալէ ամբողջական յանձնառութիւն՝ տուեալ ընտրութիւնները ազատ, թափանցիկ ու արդար կազմակերպելու համար:
Հետեւաբար, այս բոլորին լոյսին տակ, կը վերադառնանք մեր վերի հաստատումին, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կառչած կը մնայ Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի ու զայն առաւելագոյն անկախութեամբ ու ազատ հասարակարգով օժտելու սկզբունքին: