ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եղիշէ Չարենցի մահուան 69րդ տարելիցին առիթով, Նոյեմբեր 27ին Ե. Չարենցի տուն-թանգարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ աւանդական դարձած այցելութիւն դէպի մեծանուն բանաստեղծի յուշահամալիր: Այցելութեան կը մասնակցէին բազմաթիւ մտաւորականներ, Երեւանի պետական համալսարանի եւ Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի ուսանողներ, Ե. Չարենցի անուան դպրոցի աշակերտներ:
Ե. Չարենցի կեանքի, յատկապէս վերջին տարիներու կենսագրական որոշ դրուագներուն եւ գրական գործունէութեան մասին խօսեցան բանաստեղծ Էտուարտ Միլիտոնեան, ԵՊՀ դասախօս, գրականագէտ Սամուէլ Մուրադեան, Ե. Չարենցի տուն-թանգարանի տնօրէն Լիլիթ Յակոբեան: Բանաստեղծի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ կարդացին Ժենիա Աւետիսեան եւ Ազատ Գասպարեան: Գրական փոքրիկ համադրում մըն ալ ներկայացուցին բանաստեղծի անունը կրող դպրոցի աշակակերտները:
Նոյն օրը, մեծ գրողի տուն-թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ նաեւ Չարենցի կեանքի վերջին բանտային օրերը ներկայացնող Ռեգինա Ղազարեանի ութ գեղանկարներու ցուցահանդէսին: