ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային հերոս, ազատամարտիկ Մովսէս Գորգիսեանի նահատակութեան 17ամեակի կապակցութեամբ, անոր մարտական ընկերները՝ Ազատութեան բանակ հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները, հարազատները Յունուար 19 Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի տարածքին մէջ գտնուող անոր գերեզմանին ծաղկեպսակներ զետեղեցին:
Նշենք, որ ազատամարտիկ, մտաւորական Մ. Գորգիսեան նահատակուած է 1990ի Յունուար 19ին, Երասխաւանի մօտ տեղի ունեցած մարտի ընթացքին: