ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ, Երուանդ Քոչարի 19/6 հասցէի բակին մէջ, իր տան մօտ, Դեկտեմբեր 7ի երեկոյեան, երկու անծանօթներու կողմէ յարձակման ենթարկուած է ՀՌԱԿի ատենապետ Յարութիւն Առաքելեան:
Ըստ ՀՌԱԿի հանրապետական վարչութեան անդամ Կարէն Կակոյեանի, յարձակողները, ըստ վկաներու, քանի մը ժամ պտտած են ՀՌԱԿի գրասենեակի շրջակայքը եւ փախուստի դիմած սեւ գոյնի BMW մակնիշի ինքնաշարժով:
Կ. Կակոյեան տեղեկացուց, որ Յ. Առաքելեան դիմած է Երեւանի Սպանդարեանի շրջանի ոստիկանութիւն: Մեկնաբանելով կատարուածը՝ Կ. Կակոյեան նշեց, որ յարձակումը, ամենայն հաւանականութեամբ, կապուած է Առաքելեանի քաղաքական գործունէութեան: