ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, Չորեքշաբթի, Յունուար 10ին եւ Երեքշաբթիէն Չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին տեղի ունեցած շարք մը յարձակումներու հետեւանքով սպաննուած են առնուազն 30 իրաքցիներ:
Յարձակումներէն մէկուն թիրախն էին Սէուտական Արաբիայէն Քերպալա վերադարձող շիի ուխտաւորներ: Անոնք իսլամական «հաճ» ուխտագնացութեան համար Սէուտական Արաբիա մեկնած էին:
Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը եւս Չորեքշաբթի օր հաղորդեց, թէ վերջին երկու օրերու սպաննուած են երեք ամերիկացի զինուորներ, առանց մանրամասնելու: