ՊՈԼԻՍ.- Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վրայ գործուած են երկու յարձակումներ, որոնց պատասխանատուները ցարդ չեն բացայայտուած։
Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Սեպտեմբեր 19 եւ 20ին եկեղեցւոյ ուղղութեամբ նետուած են «Մոլոթոֆ քոքթէյլ»ներ, սակայն մեծ վնասներ չեն հասած Ս. Խաչին։
Դէպքին գծով քննութիւն բացուած է։