Շուրջ մէկ տարի առաջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ անզուգական հայուհի մը, որ իր կենդանութեան եղաւ այն եզակիներէն, որ իր կեանքը լեցուց բարիքներով, հոգեկան մեծ գոհունակութիւն պատճառելով թէ՛ իրեն, թէ՛ ընտանիքին եւ թէ մանաւա՛նդ իր շրջապատին: Այդ սիրելի հայուհին ընկհ. Ռոզին Սաղտըճեանն էր, որուն մահուան տակաւին չենք համոզուած:
Միշտ ժպտադէմ այս ընկերուհին, իր համեստ բնաւորութեամբ յարգանքը կը վայելէր իր հարազատներուն եւ շրջանի հայ համայնքին:
Ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, ՀՕՄի շարքերուն ընդմէջէն, հաւատքով ծառայեց իր ժողովուրդին, անդամակցելով Ֆրեզնոյի «Սոֆիա» մասնաճիւղին, ուր իր ինքնավստահութեամբ եւ արդար ղեկավարի յատկութիւններով բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ վարեց: Աւելի՛ն, մարդասիրական իր գործունէութիւնը բարձր գնահատուելով, ան ընտրուեցաւ նաեւ ՀՕՄի Շրջանային եւ այնուհետեւ՝ Կեդրոնական վարչութեանց անդամ:
Այսուհանդերձ, ընկհ. Ռոզին Սաղտըճեան միայն ՀՕՄի գործունէութեամբ չգոհացաւ: Ան գործօն մասնակցութիւն բերաւ տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Սասուն» մասնաճիւղի աշխատանքներուն, յատկապէս դաստիարակելով սկաուտական շարքերը, իբրեւ Սկաուտական խորհուրդի եւ դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով սկաուտական շարքերէն եւ ընդհանրապէս մասնաճիւղէն ներս:
Ան եղաւ հիմնադիր անդամներէն եւ վարչական պատասխանատուներէն մէկը Ֆրեզնոյի «Համազգային»ի մասնաճիւղին: Ան նաեւ երկար տարիներ մաս կազմեց Ֆրեզնոյի հայկական ամէնօրեայ վարժարանի պատասխանատու մարմնին:
Մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ Հայ Դատի քաղաքական աշխատանքներուն, դուռը միշտ բաց պահելով քաղաքական հաւաքներուն, ընդունելութեանց եւ հիւրընկալութեան: Ընկերուհիին տունը շրջանի երկրորդ ակումբը դարձած էր:
Ուսուցչական ասպարէզէն ներս կեդրոնացաւ ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներու ուսուցման մէջ, որոնց լաւապէս կը տիրապետէր: Այնուհետեւ եղաւ տէրն ու տնօրէնը Trinity Senior Citizen Day Care Center-ին, ուր 100է աւելի մայրիկներ ու պապիկներ խնամեց, արժանանալով անոնց ամէնօրեայ օրհնանքներուն:
Մարդկային բացառիկ յատկութիւններով օժտուած հայուհի մըն էր հանգուցեալը. տիպար կին, հոգատար մայր, ժրաջան ՀՕՄուհի եւ հեռատես ղեկավար: Ափսո՜ս, ան շատ շուտ հրաժեշտ տուաւ կեանքին:
Ընկերուհիին վաղահաս մահով, շրջանը կորսնցուց արժանաւոր զաւակ մը, իսկ ՀՕՄի ընտանիքը՝ ժողովուրդի անզուգական ծառայ մը:
Վերջերս, ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը, աշխատանքային այցով Ֆրեզնօ գտնուելուն ընթացին, այցելեց հանգուցեալ ընկհ. Ռոզին Սաղտըճեանի շիրիմը եւ ծունկ մը աղօթքով, խունկ ու մոմով, իր յարգանքի տուրքը մատուցեց եւ անոր հոգիի խաղաղութիւն խնդրեց ամենակարող Աստուծմէ:
Դժուար էր կանգնիլ սիրելիի մը շիրիմին առաջ, որուն հետ երկար տարիներ գործած ու բաժնեկցած ես ազգային նոյն ցաւերն ու մտահոգութիւնները, նուաճումներն ու յաղթանակները: Սակայն պէտք էր համակերպիլ իրականութեան հետ, միշտ լաւատեսութեամբ մօտենալով կեանքին:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը, բարձր գնահատելով ընկհ. Սաղտըճեանի գործունէութիւնը յատկապէս ՀՕՄի շարքերէն ներս, յատուկ գնահատագրով մը, յետ մահու պարգեւատրեց զայն: Յուշատախտակը յանձնուեցաւ ամուսնոյն՝ ծանօթ ազգային Աբօ Սաղտըճեանին:
Ընկհ. Ռոզին Սաղտըճեանի զոհողութիւնները անկասկած մոռացութեան պիտի չմատնուին եւ անոր յիշատակը անմար պիտի մնայ բոլոր զինք ճանչցողներու սրտերուն մէջ:
Յիշատակդ անթառամ, սիրելի ընկերուհի: