Կիրակի, Հոկտեմբեր 22ին, Վասպուրականի հայրենակցական միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն, նուիրուած նորոգ հանգուցեալ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանին:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց Արտակ քհն. Տէմիրճեան, Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք ներկաներուն եւ ձեռնարկը կազմակերպողներուն փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հօր գնահատանքն ու ողջոյնի խօսքը:
Օրուան հանդիսավար Յակոբ Մկրտչեան հակիրճ տողերով պատկերացում մը տուաւ բանաստեղծուհիի բարդ ճակատագիրի ու անհատականութեան մասին:
Օրուան բանախօս Շնորհիկ Նազարեան սպառիչ կերպով անդրադարձաւ բանաստեղծուհիի կենսագրութեան, ստեղծագործական ներաշխարհին ու քաղաքական գործունէութեան:
«Անիկա իր հոգեզմայլ բանաստեղծութիւններով կը մնայ որպէս հայրենասէր բանաստեղծուհի, իր գործերուն շաղախելով հայ կնոջ հոգեբուխ ժառանգութիւնները, չգրուած, չարտայայտուած ու չիրականացուած երազները, շարունակելով Սիպիլի եւ Զապէլ Եսայեանի գրական ժառանգութիւնը», դիտել տուաւ ան եւ շարունակեց ըսելով, որ «Սիլվա Կապուտիկեան քաղաքական գործիչը սովետական վարչակարգի տարիներուն եղաւ մնայուն դեսպան մը Սփիւռքի հայութեան համար»:
Պիտի աւելցնել, որ օրուան բանախօսը իր խօսքը գեղեցկօրէն շաղախած էր բանաստեղծուհիի ստեղծագործութիւններով, որոնք կենդանի սլացք մը տուին խօսքին:
Բանախօսութենէն ետք, Այլին Քէշիշեան արտասանեց Կապուտիկեանի «Մտորումներ ճանապարհի կէսին» հատորէն հատուածներ, որմէ ետք Արա Սահակեան, ընկերակցութեամբ Արմէն Պապայեանի, մեներգեց Սիլվա Կապուտիկեանի գրիչին պատկանող եւ երգի վերածուած կտորներ:
Երեկոն փակուեցաւ մտերմիկ հիւրասիրութեամբ մը: