Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2007ին, Պըրլինկթընի դարմանատուներէն մէկուն մէջ իր մահկանացուն կնքած է դասական երաշժտութեան արդիական ոճի երաժիշտ, յօրինող, երաժշտաբան Յովհաննէս Ս. Սալիպեանը, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Ստորեւ կու տանք հանգուցեալին նուիրուած մահագրութիւն մը.-
Դասականին կառչած… յառաջդիմական գաղափարներու տէր անձ մըն էր Յովհաննէս Սալիպեանը։ Մանրամասնութիւնները պրպտող, ամենադոյզն անկարեւոր նկատուող երեւոյթին կարեւորութիւն տուող, ան խստապահանջ երաժշտագէտ մըն էր։
Կարելի չէր շուտով զինք համոզել… իսկ երբ գլխու շարժումով մը եւ անոր հետ ընկերակցող ժպիտով մը արտայայտէր իր դրական մօտեցումն ու ապա համաձայնութիւնը՝ այս կամ այն կշռոյթին, մեղեդիին, երաժշտական կտորին կամ օգտագործուած երաժշտական գործիքին, այդ պարագային խնդրոյ առարկայ երաժիշտը կամ երաժշտական կտորը կրցած էր կանաչ լոյսը կամ հովանաւորութիւնը ստանալ «Յ. Սալիպեան» բարձրագոյն երաժշտական ուսումնասիրութեանց հիմնարկէն։ Տը ժիւրէ գոյութիւն չունէր այդ հիմնարկը, բայց տը ֆաքթօ ներկայ եւ գործունեայ հաստատութիւն՝ անձնաւորութիւն մըն էր։
Երաժիշտ, յօրինող, բեմադրիչ, երաժշտաբան… բոլորն ալ կը խորհրդակցէին Յովհաննէսին, բազմիցս պարոն Յովհաննէսին, մերթ ընդ մերթ ալ մաէսթրօ Սալիպեանին հետ։ Ունկնդրելու եւ ունկնդրել տալու, ըմբոշխնելու եւ ըմբոշխնել տալու սուր կարողութեան տէր անձ մըն էր ան, կամ ալ աւելի պարզաբանելու համար, մասնագիտութիւն ունեցող ականջալուր «ականջաբոյժ» մըն էր տոքթ. Սալիպեանը։
Երբ գործ մը զինք ներկայացուէր, անպայման որ սխալ մը գտնէր կամ աւելի ճիշդը ոչ ամբողջական կը նկատէր, սակայն յետ խօսակցութեան դրականութիւն բուրող «բայց»ով կը շարունակէր իր նախադասութիւնը, յոյս ներդրելով իր խօսակից աշակերտին, բարեկամին կամ երաժիշտին։
Հաւանաբար այս գերխստապահանջութեան արդիւնք, Սալիպեան չկրցաւ իր ընթացքը պահել երաժշտութեան բռնած ներկայ հոսանքին հետ։
Կրնա՛ր, սակայն մերժեց։
Կառչած մնաց դասականին՝ բարձրագոյնին, գերագոյնին… եւ այդ ալ կարկինը լայն բանալով՝ Կոմիտաս Վարդապետէն մինչեւ Մայլզ Տէյվիս կամ Ճոն Քոլթրան։
Մերժեց խառնուրդը՝ fusion-ը, որ իրեն համար աւելի խառնակութիւն՝ confusion էր։
Բիւրեղ, ջինջ եւ զուլալ մեղեդին էր Սալիպեանի աշխարհը, իսկ մնացած աւելորդաբանութիւնը՝ քաղցկեղ։ Տարբեր եւ շատ աւելի ահաւոր քաղցկեղ մը զինք հարուածեց եւ վերջ մը դրաւ իր կեանքի համանուագին։
Իր նախասիրած ոճով՝ տուտուկի քնքուշ մեղեդիներու ունկնդրութեամբ, հողին յանձնուեցաւ ան։ Գէթ անշունչ, ան պարտադրած էր բոլորին հետեւիլ այդ խորհրդաւոր, միսթիք եւ գերբնական ու որեւէ խառնուրդէ եւ աղաւաղումէ զուրկ՝ երաժշտութեան։
Յովհաննէս Սալիպեան երաժշտագէտ մարդ էակ մը չէր… այլ նոյնինքն Սալիպեան էակը՝ մաքրամաքուր երաժշտութիւն մըն էր։