ԱՄՄԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19ին անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Ամման, ուր ժողով մը գումարեց Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ: Յորդանանեան արքունիքը յայտարարեց, որ երկրին գահակալը Օլմերթը հրաւիրած է խորհրդակցելու համար Իսրայէլ-պաղեստինեան խաղաղութեան բանակցութիւններու վերսկսման կարելիութիւններուն մասին:
Երուսաղէմի մէջ, Օլմերթի գրասենեակը յայտարարեց, որ ժողովին քննուած են ներպաղեստինեան տագնապն ու շրջանային այլ հարցեր:
Յորդանանեան արքունիքի բարձրաստիճան մէկ պաշտօնատարը յայտնեց, որ երկու ժամ տեւած ժողովին ընթացքին Ապտալլա Բ. Օլմերթէն պահանջած է հաղորդակցութեան մէջ մտնել պաղեստինցի նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ եւ անոր հետ համաձայնիլ՝ բանակցութիւններուն վերսկսելու համար երկու կողմերը գոհացնող ուղեգիծի մը շուրջ: Թագաւորը Օլմերթին ըսած է, որ անհրաժեշտ է երկու կողմերու ժողովուրդներուն ցոյց տալ, թէ կան խաղաղութեան իսկական յոյսեր, եւ պէտք է վերականգնել խաղաղութեան գործընթացին նկատմամբ անոնց վստահութիւնը: Թագաւորը աւելցուցած է, որ իսրայէլացիներու ապահովութեան եւ կայունութեան կարիքը ապահովելու եւ պաղեստինցիներուն անկախ ու գերիշխան պետութեան իղձը իրականացնելու միակ միջոցը երկու պետութիւն ստեղծելու ընտրանքն է:
«Ամման պատրաստ է ընելու իր կարելին՝ օգնելու համար, որ պաղեստինցիք յաղթահարեն իրենց տարակարծութիւնները եւ ամրապնդեն իրենց միասնութիւնը: Բոլոր ընտրանքները բաց են մեր առջեւ՝ ներառեալ պաղեստինցի նախագահ Ապպասն («Ֆաթհ»էն) ու վարչապետ Հանիյէն («Համաս»էն) Ամմանի մէջ ժողովի հրաւիրելը: Այդ ժողովին նպատակը պիտի ըլլայ քննել երկու շարժումներուն միջեւ քաղաքական տագնապին վերջ դնելու միջոցները», ըսուեցաւ արքունական հաղորդագրութեան մէջ:
Յայտնենք, թէ պաղեստինեան շրջաններուն մէջ կացութիւնը համեմատաբար աւելի խաղաղ էր Չորեքշաբթի օր, զինադադարը յարգելու նպատակով Ապպասի ու Հանիյէի կատարած յայտարարութիւններէն ետք: